Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին

Կիրակի` 17 Յուլիս 2016-ին, հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն մը ապրեցաւ` ներկայ գտնուելով Սուրիոյ հայկական առաջին ռատիոկայանի, 2011 թուականէն ի վեր գործող եւ իր ձայնը համայն աշխարհին հասցնող, «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:

Երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը` ողջ աշխարհին հասցնելու իր ձայնը:

«Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Բալայեան, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

Կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանը: Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի եւ կեդրոնի օրհնութեան աղօթք ու այս առիթով ողջունեց մեր ժողովուրդի զաւակները աշխարհով մէկ՝ նշելով, որ այս ճամբով համայն աշխարհին պիտի սփռենք մեր ապրումները, մեր յոյսը, մեր նուաճումներն ու դժուարութիւնները: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացումն ու յաջողութիւն մաղթեց այս աշխատանքը իրականացնող բոլոր նուիրեալներուն:

Ապա խօսք առաւ Պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան: Ան ըսաւ. «Եթէ «Ռատիօ Երազ»-ը անցեալին երազ էր, ապա այսօր իրականութիւն է: Ճիշդ է, որ հինգ տարիներէ ի վեր կը գործէ, սակայն այսօր ունենալով իր կեդրոնը աւելի կազմակերպուած պիտի աշխատի` հալէպահայութեան ձայնը եւ յուզումները փոխանցելով համայն հայութեան: Եթէ ռատիոն այսօր պատերազմի բերումով մեր դժուարութիւններն ու տագնապները պիտի փոխանցէ, ապա ապագային ան պիտի փոխանցէ սուրիահայութեան նոր ծրագիրներն ու վերակառուցման աշխատանքները»: Իր խօսքի աւարտին Իւզպաշեան մաղթեց, որ «Ռատիօ Երազ»-ին ձայնը անխափան մնայ:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Լ. Շանթ սրահ, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր:

Օրուան հանդիսավար Յուշիկ Ղազարեան ըսաւ թէ.«5 տարիներ առաջ երբ հիմը կը դրուէր «Ռատիօ Երազ»-ին ոչ մէկը կրնար պատկերացնել, թէ մեր կեանքը ինչպիսի՛ հոլովոյթ պիտի ունենայ Հալէպի մէջ: Ճափոնական հին անէծք մը կ’ըսէ. «Հետաքրքրական օրեր ապրիս»: Այսպիսի հետաքրքրական ու պատերազմական ծանր օրեր ապրեցանք անցնող հինգ տարիներուն, բայց որովհետեւ «Ռատիօ Երազ»-ը կը գտնուի Հալէպի մէջ, քաղաք մը, որ անէծքը շնորհքի վերածելու կարողութիւն ունի, որովհետեւ մենք ունինք ձեզի պէս աջակցողներ եւ քաջալերողներ, այդ հետաքրքրական տարիները վերածուեցան դրական գործօնի` նորանոր հորիզոններ նուաճելու: Այդ հորիզոններուն վրայ էր այս կեդրոնի բացման ծրագիրը, որ միասնաբար վայելեցինք»: Ապա հրաւիրեց ներկաները, յայտագիրի աւարտէն ետք այցելելու կեդրոն եւ ծանօթանալու անոր բաժիններուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ռատիօ Երազ»-ի պատասխանատու տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ ըսաւ. «Ռատիոյի գաղափարը Հալէպի համար նորութիւն չէր, մենք ճիշդ է որ չունէինք մեր սեփական ռատիոն, բայց 80-ականներուն մեծ հաճոյքով կ’ունկնդրէինք Երեւանի Ձայնը, ապա նաեւ Կիպրոսի հայկական թողարկումը, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ դիւրաւ ունկնդրելի լիբանանեան հայկական ռատիոներու հաղորդումները: Այնուամենայնիւ զանազան առիթներով մենք աշխատանք տարած ենք ունենալու ռատիօ, սակայն դժուարութիւններ յառաջացած են եւ չենք յաջողած, վերջերս համացանցի ընձեռած առիթներէն օգտուելով՝ 2011-ին սկսանք «Ռատիօ Երազ»-ի սփռումը, որուն աշխատանքները հետզհետէ կազմակերպուեցան եւ մենք ունեցանք նաեւ յատուկ ռատիոկայան-կեդրոն մը»: Ապա նշեց, թէ ձայնասփիւռ ունենալը ինքնանպատակ չէ: Մեր նպատակն է ժողովուրդի զաւակներուն հասանելի դարձնել հայկական ձայնը, խօսքը, միտքը, երգը, արուեստը եւ կը կարծենք, որ ձայնասփիւռը իր տեսակին մէջ այս իմաստով լուրջ միջոց մըն է: «Ռատիօ Երազ»-ը իր կարգախօսը դարձուց «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն եւ մենք որոշեցինք սուրիահայութեան ձայնը լսելի դարձնել հայկական աշխարհին, հաւասար մօտիկութիւն ցուցաբերելով բոլոր կողմերուն հետ, փոխարէնը դրական համագործակցութիւն տեսանք, որ շքանշանի համազօր պարգեւ է մեզ համար: Աշխատակազմը կամաւոր աշխատանքով սկսաւ ու ծրագրուած ձեւով, համերաշխութեամբ շարունակեց իր ծրագիրը` միշտ ձգտելով իր առաւելագոյնը ի գործ գնել: Ներկայիս աշխատակազմը ունի 20 նոր ծրագիրներ: Հետեւեցէք ռատոյին եւ պիտի ըմբոշխնէք մեր նորութիւնները»: Տոքթ. Գէորգեան հաստատեց, որ «թէեւ ռատիոն այժմ համացանցի հնարաւորութիւններով կը գործէ, սակայն մենք պետական համապատասխան կողմերուն դիմում ներկայացուցած ենք, որ ռատիոն սփռուի նաեւ FM ալիքով ամբողջ Սուրիոյ տարածքին եւ աշխատանքը ընթացքի մէջ է»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր «Ռատիօ Երազ»-ի հիմնադրութեան տարիները, իրականցուող աշխատանքները, անձնակազմը, ծրագիրներն ու կեդրոնի կառուցման հանգրուանները:
Հուսկ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:

Շնորհաւորանքներու ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները շրջեցան նոր կեդրոնէն ներս եւ ծանօթացան «Ռատիօ Երազ»-ի նորակառոյց կեդրոնին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին