Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Սահմանափակ Ցոյց Եւ Բախում Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

«Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներ եւ գործիչներ, Երեւանի կեդրոնը կատարեցին բողոքի քայլարաշաւ մը, ապա նստացոյցի սկսան Մաշտոց եւ Թումանեան փողոցներու խաչմերուկին մօտ: Անոնք պահանջեցին ազատ արձակել  Ազատութեան հրապարակէն ձերբակալուած քաղաքացիները: Համոզուելով, որ երթի մասնակիցները ազատ արձակուած են, ցուցարարները շարժեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ: Աւելի ուշ մօտ հարիւր ցուցարարներ ուղղուեցան դէպի Խորենացի փողոց, ուր անոնց դէմ կանգնած էր ոստիկաններէ կազմուած շղթայ: Ոստիկանութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, կոչ ուղղելով զերծ մնալու արկածախնդրութենէ եւ երթեր չկազմակերպելու դէպի յատուկ պահպանուող գօտի: Նշենք, թէ աւելի կանուխ Ազատութեան հրապարակին վրայ բախումներ արձանագրուած էին ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր շարք մը քաղաքացիներ: Քաշքշուկը հնարաւոր եղած էր կանխել փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեանի միջամտութեամբ, որ նաեւ խոստացած էր պատժել օրինախախտ ոստիկանները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին