Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Ոստիկաններ Պատանդ Բռնելու Գործողութիւնը Կը Շարունակուի

Երեւանի Էրեբունի շրջանի Խորենացի փողոցի մէջ տեղի ունեցող՝ ոստիկանատան զինեալ գրաւումէն աւելի քան 2 օրեր անց, իրավիճակը նոյնը կը մնայ եւ Սասնայ ծռեր կոչուող խումբի անդամները, ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան գունդին մէջ պատանդ կը պահեն քանի մը ոստիկաններ: Այս պահուն իրավիճակը հանդարտ է եւ ոստիկանական պատը, որ կազմուած էր նախօրէի երեկոյեան՝ հանուած է: Նախապէս ոստիկանութիւնը ուժեր կեդրոնացուցած էր Խորենացի փողոցին վրայ եւ փոխոստիկանապետներ Լեւոն Երանոսեանն ու Սամուէլ Յովհաննիսեանը կը համակարգէին ոստիկանական ուժերու շարժումները: Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան յայտարարած է, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ «փոխզիջումներու երթալու տարբերակը պէտք է ըլլայ երկուստեք»: Խորենացի փողոցը տակաւին փակ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին