Յուլիս 18-ին Աւստրալիոյ մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հեռուստամարաթոն՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախին: Ըստ «Հայերն Այսօր»-ի՝ «Անվտանգութիւն, ապահովութիւն, խաղաղութիւն» խորագիրով ձեռնարկին ընթացքին հանգանակուած է 110,625 տոլար:
Նշենք, որ հասոյթը պիտի փոխանցուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտին: