WikiLeaks-ը «Թուիթըր»-ի մէջ ազդարարած է, որ շուտով աւելի քան 100 հազար փաստաթուղթեր պիտի հրապարակէ թրքական իշխանութիւններուն մասին:
«Պատրաստ եղէք կռիւի, երբ մենք հրապարակենք աւելի քան 100 հազար փաստաթուղթեր` Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութեան կառոյցներու մասին», նշուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:
15 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ խումբ մը բարձրաստիճան զինուորականներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման չյաջողած (կամ չաւարտած) փորձը ճնշուեցաւ ոստիկանութեան, կառավարութեան հաւատարիմ մնացած զինուորական ստորաբաժանումներու եւ «խաղաղ» բնակչութեան մէկ մասի ճնշումով:
Վերջին տուեալներով յեղաշրջման փորձի հետեւանքով մահացած են աւելի քան 200 մարդկ եւ ձերբակալուած մօտ 7 հազար ուրիշներ, աշխատանքէ ազատուած են 8 հազար ոստիկաններ եւ յիսնակ մը դատախազներ: Յեղաշրջման կազմակերպման մէջ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներ, մինչ Կիւլենի կողմնակիցները կը հերքեն մեղադրանքները: