Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Օգտուելով Ստեղծուած Քաոսէն Մալաթիոյ Եւ Տրապիզոնի Մէջ Յարձակած Են Եկեղեցիներու Վրայ

Արդէն դասական դարձած բեմադրութեան համաձայն, Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իւրաքանչիւր քաոսի ժամանակ՝ թիրախ կը դառնան ոչ իսլամներն ու անոնց տաճարները: Ինչպէս կը յայտնէ «Ակունք»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «demokrathaber.org»-ը, յեղաշրջման փորձի դէմ իրենց բողոքը արտայայտելու համար, 16 Յուլիսի երեկոյեան փողոց դուրս եկած որոշ խումբեր յարձակած են՝ Տրապիզոնի Սուրբ Մարիա կաթողիկէ եւ Մալաթիոյ բողոքական եկեղեցիներուն վրայ: Ամբոխը քարեր նետած է եկեղեցիներուն վրայ` ջարդելով ապակիները:

Եկեղեցիներու հարեւանութեամբ բնակողներու յանդիմանութեան եւ ձեռնարկած քայլերուն շնորհիւ՝ խումբերը լքած են եկեղեցիներուն տարածքները:

Յիշեցնենք, որ 2006 Փետրուար 5-ին, Տրապիզոնի Սուրբ Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանան սպաննած էին նոյն եկեղեցւոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին