Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, զինադադարի դրութիւնը հակառակորդին կողմէ խախտած է շուրջ 25 անգամներ: Ազրպէյճանական կողմը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 270 կրակոցներ: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը վերահսկեն իրավիճակը եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: