Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին` Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան առիթով:
«Խորապէս ցնցուած եմ երէկ երեկոյեան Նիսի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ոճրագործութեան լուրէն, որուն զոհ դարձան տասնեակ անմեղ մարդիկ:
Վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքին Ֆրանսան բարբարոսական գործողութիւններու թիրախ կը դառնայ արդէն երրորդ անգամ: Անոնք հարուած են ոչ միայն Ֆրանսային, այլ ողջ մարդկութեան: Այս մէկը նաեւ ազդակ է աւելի վճռականօրէն համախմբելու մեր բոլորին ջանքերը՝ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ:
«Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, Ֆրանսայի կառավարութեան եւ զոհուածներու հարազատներուն, Ձեր երկիրը պատուհասած ողբերգութեան կապակցութեամբ եւ կը վստահեցնեմ, որ վիշտի այս ծանր պահուն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը կանգնած են բարեկամ Ֆրանսայի կողքին», ըսուած է ՀՀ նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ: