Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Մեկնարկեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի Հայերէնի Դասընթացքը

Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպութեամբ հայերէնի խտացեալ դասընթացները սկսան  Յուլիս 11-ին, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։

Մէկուկէս ամսուայ հեռանկարով մեկնարկող դասընթացներուն կը մասնակցին ակադեմական շրջանակներէ եկած հետաքրքիր անձեր։ Դասերը կ՚ընթանան երկու մակարդակի վրայ, որոնց առաջին մակարդակին կը մասնակցին բնաւ հայերէն չգիտցողներ, իսկ երկրորդ մակարդակին՝ Մեսրոպեան տառերուն ծանօթ եղողներ։ Զուգահեռաբար կը շարունակուի նաեւ յետմիջօրէի ծրագիրը, որուն կը հետեւին հայկական մշակոյթի մասին իրենց գիտելիքները յառաջացնել ուզող դարձեալ կարեւոր համեմատութեամբ ակադեմականներ։ Անոնցմէ շատերը իրենց ուսումնասիրած նիւթերու բերմամբ կը հետաքրքրուին հայերէնով։

Ընկերային գիտութիւններու զանազան նիւթերով հետաքրքրական այս խմբաւորումներուն մէջ կը հանդիպինք պատմաբաններու, հնագէտներու, քաղաքական գիտելիքներ սերտողներու եւ այլոց։ Կարելի է համառօտ կերպով ըսել թէ Հրանդ Տինք Հիմնարկը անգամ մը եւս կը ձեռնարկէ խիստ շահեկան աշխատութեան մը։ Հետեւանքը այժմէն յայտնի է թէ գոհացուցիչ պիտի ըլլայ, քանի որ դասընթացներու մասնակիցները ոչ թէ սիրողական դրդումներով, այլ բոլորովին արհեստավարժ գիտակցութեամբ կը մասնակցին եւ կ՚ուզեն զիրենք զինել իրենց համար խիստ կարեւոր գիտելիքով։

Մինչ այդ այլ կազմ մըն ալ ամէն օր կը հետեւի հայկական մշակոյթին ուղղուած դասընթացներուն։ Երկու ծրագիրներուն համար ալ պաշտօնակոչուած են մասնագէտ ուսուցիչներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին