*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Զրադաշտականութեան մէջ մահացածին
վրայ ողբալը կը կաշկանդէ հոգիին թռիչքը:
Հորիզոնը… երկինքն ու երկիրը միացնող գիծը. կամ՝ մահն ու կեանքը, որ ի բնէ միաձոյլ է, միեւնոյն ատեն նաեւ՝ բաժանման գիծը: Հորզոնը բռնելու քաջութիւնը ո՞վ ունի. ո՛չ ամէն ոք ի հարկէ եւ ակնկալելու ալ չէ, որ ամէն ոք կարենայ ընել ա՛յն ինչ որ յատուկ է մասնաւոր անձերու. այդպէս է դրուածքը բնութեան տնօրինութեամբ: Ի հարկէ, Կոմիտասի մը տաղանդը ի՛րն է ու իրը՝ երաժշտութեան մարզին մէջ. ու այսպէս ամէն մարզ ունի իրեն յատուկ անձերը նուիրեալ. սակայն ակներեւ է, որ ոչ ոք՝ ի բաց առեալ հեղինակէն, կրնայ ապրիլ ամբողջութիւնը լիովին: Զի ինչպէս Վահան Թէքէեան կ’ըսէ. «Տեսան ծուխի մը նման, կրակն անոր չտեսան»:
«Կրակն անոր…»:
Անդրանիկի անցած ճանապարհը՝ ռազմեր, ճակատամարտեր, ընդհարումներ հերոսական եւ վերջ ի վերջոյ… յանձնումը սուրին… ու «գործս կէս մնաց»: Երբ տասնեակներ այդ «գործ»ին ճանապարհին զոհուեցան ու իրենց արիւնը խառնեցին հայրենի հողին, բայց երազները մնացին անթաղ՝ ինչպէս բազմահազար մեռելները հայորդիներու, եւ երազը միշտ սաւառնեցաւ արծիւի նման, պատգամելով «գործը» շարունակելու՝ ամէն ոք իր կարողութեամբ եւ իր չափով…։
Բացառիկ ու վեհ հոգիներ են անոնք, որոնք վտանգը արհամարհելով, նախ յաղթելով իրենց վախին, սիրտը լեցնելով Հայրենիքի սիրոյն համար զոհաբերելու եւ սէրը փայփայել՝ դէպի մարտադաշտ փառաւոր անփութութեամբ, որ ի՛րը կրնայ ըլլալ միայն եւ իր նմաններուն, ու վայելել մարտիկի մը պատրաստուածութեամբ այն դաժան ուրախութիւնը, որ սիրտը լիացնէ վսեմ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գիտակցութեամբ, ճակատագիրի կոչին հլու, տայ պատասխան.-
«Ահա Տէր, կու գամ» (Վ. Թէքէեան «Կռուի երթ»)
Իսկ թէ հանդիպի մահը…
«Անոնց համար ես կրնամ լալ միայն
Բայց ներբող չերգել, քանզի անզօր եմ…
Ընդունիլ իրենց հաւատքը վսեմ. անոնք հզօր են:
Բայց կը դառնամ, կը մնամ անքուն
Գիշեր մը ամբողջ սեւ լուրին համար իրենց մահացման…
Քանի որ մարդ եմ:
Չտեսայ զանոնք պատնէշի վրայ,
Չզգացի անոնց կրակը ներքին…»
Մի՞թէ կարելի է, բան մը որ ներանձնական է, երբ նոյնիսկ նոյն կրակի մէջ ինկող անձինք իրարմէ տարբեր զգացումներ կ’ունենան…։
Պուտիզմի մէջ կայ ասոյթ մը. «Եթէ լերան բարձրութեան զգացումները կ’ուզես ապրիլ, պէտք է լեռ բարձրանաս…»:
Յիսուս խաչը ուսին, Գողգոթայի ճամբուն վրայ լացող աղջիկներուն ըսաւ. «Լացէք դուք ձեր վրայ»…։ Այլ տեղ, երբ աշակերտները ըսին. «Այս բանը քեզի պիտի չպատահի», Ան պատասխանեց. «Ես այս բանին համար եկայ»… ու բարձրացաւ:
Ու բարձրացաւ Գողգոթա: Կամաւոր:
Եւ մենք կամաւոր բառին ծանօթ ենք բաւական: