Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Թքեր Եմ Ասանկ Հաւատքին Ալ…Գաղափարախօսութեան Ալ Վրայ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ի տես Ֆրանսայի Նիս քաղաքի մէջ գործուած աներեւակայելի ահաբեկչական ոճիրին  (զոր գործադրողը ենթադրաբար «մարդ արարած» մըն է, որ ամենայն պաղարիւնութեամբ փոխադրակառքի մը ղեկին գլուխը անցած՝ անխնայ կոխկռտած է անմեղ ուրախութեան համար այդ վայրը գտնուող մարդիկ, կիներ, փոքրիկներ… փոխադրակառքին անիւներուն տակ կոխկռտած է փոքրիկներ… կը հասկնա՞ք) այսօր ուրիշ բան չեմ կրնար գրել բացի ըսելէ, որ եթէ այս սոսկալի ոճիրին դրդապատճառը, այսպէս կոչուած հաւատքն է, քաղաքականութիւն կամ գաղափարախօսութիւն, ապա ես թքեր եմ ասանկ հաւատքին ալ, քաղաքականութեան ալ, գաղափարախօսութեան ալ վրայ…:

Ի տես այս մարդկային տրամաբանութեան ու խիղճի դէմ գործուած զանգուածային ոճիրին, ներէ ինծի սիրելի ընթերցող, եթէ մարդասիրական սկզբունքս մէկ կողմ դնեմ եւ այստեղ գրեմ, թէ լաւ որ այդ ոճրագործը սպաննուեցաւ եւ ոչ թէ ձերբակալուեցաւ: Որովհետեւ կը կասկածիմ, որ ձերբակալուելու պարագային, ան անշուշտ պիտի դատուէր, սակայն հաւանականութիւնը մեծ է, որ յանուն քաղաքակիրթ Ֆրանսայի եւ մարդու իրաւունքներուն… ան մտային խանգարումով հիւանդ կրնար յայտարարուիլ ու մեղմացուցիչ պայմաններու արժանանար եւ քանի մը տարիներ ետք ազատ արձակուէր՝ շա՜տ աւելի մեծ ոճիր մը գործելու համար…:

Եթէ այս է քաղաքակրթութեան եւ մարդկային իրաւունքներու գինը, ապա ես թքեր եմ անոնց վրայ ալ…:

Վերջապէս, ներողամտութիւնդ կը խնդրեմ սիրելի ընթերցող այս պոռթկումին համար:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին