Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

WASC-ը Վարկաւորեց Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանը

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ 6 Յուլիս 2016-ին WASC-ը (Western Association of Schools and Colleges), երկրորդ անգամ ըլլալով վարկաւորեց վարժարանս յաջորդ վեց տարիներուն համար, անոր տալով բարձր աստիճանաւորում՝ ամբողջական, օրինական վարկաւորում՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ, որ կը վկայէ Հայ Քոյրերու վարժարանի տիրապետած ուսումնական բարձր չափանիշները:

Այս առիթով  շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ծրագիրի իրականացման մէջ, ինչպէս վարժարանիս ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը, շրջանաւարտից միութիւնը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները, նաեւ տնօրէնութիւնն ու WASC-ը:

Արդարեւ սոյն յայտարարութեամբ, Հայ Քոյրերու վարժարանը իր ուրախութեան մասնակից կը դարձնէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը, ուր վարժարանս կը գոյատեւէ եւ կը ծառայէ հայ պատանիներու 32 տարիներէ ի վեր եւ տակաւին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը Աստուծոյ կամքով:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին