Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Մը

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ գործող Այնթապցիներու Մշակութային Միութիւնն ու Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը, օգտաշատ գաղափարը յղացած էին միասնաբար կազմակերպելու ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի առաքուի Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանին։

Օգտաշատ՝ որովհետեւ Հալէպի տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մարդիկ իրենց ընտանիքի ապրուստը չեն կրնար հոգալ, ինչպէս պիտի կարենան իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը հայթայթել։

Պէտք է ըսել, որ բարեբախտաբար տակաւին կան մարդիկ, որոնք երախտապարտ ըլլալով իրենց երբեմնի վարժարանէն ստացած հայեցի, ազգային եւ բարոյական դաստիարակութեան, ահաւասիկ կու գան իրենց խիղճի ձայնին անսալով՝ օգնութեան ձեռք երկարելու կրթական կարիքաւոր այդ հաստատութեան։

Այդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 10 Յուլիս 2016-ի յետ միջօրէի ժամը 1:00-էն սկսեալ, Կլէնտէյլի հայկական Ֆէնիսիա ճաշարանի գեղազարդ սրահին մէջ։ Ներկայ էին մօտաւորապէս 150 այնթապցի հայրենակիցներ, Կրթասիրաց վարժարանի նախկին աշակերտներ եւ հիւրեր։

Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, հրաւիրեց  օրուայ հանդիսավարուհի՝ Լարք Երաժշտական Ընկերակցութեան ժրաջան տնօրէնուհի տիկին Թագուհի Արզումանեանը, որ ընթացք տայ յայտագիրին։

Տիկին Արզումանեան հակիրճ կերպով բացատրելէ ետք օրուայ նպատակը, հրաւիրեց Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Գիրազեանը, որ կատարէ ճաշի օրհնութիւնը։

Ճաշի սպասարկութեան ընթացքին՝ ցուցադրուեցաւ Հալէպէն ղրկուած տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով պատրաստուած եւ դպրոցական կեանքը բնութագրող պատառիկներ՝ գեղարուետական ձեռնարկներէ, պաշտօնական այցելութիւններէ՝ ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեան, ու աշակերտներուն հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցներէ։

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտ Մանուէլ եւ Յովիկ Մէնէշեան եղբայրները՝ զուգերգով եւ մեներգով, ինչպէս նաեւ դարձեալ նոյն վարժարանի շրջանաւարտ Խաչիկ Նահապետեանը՝ մեներգով։ Իսկ օրուայ հանդիսավարուհի Թագուհի Արզումանեանը հանդէս եկաւ բարձր որակի ասմունքով։

Օրուայ պատգամաբերն էր այս տողերը ստորագրողը, որ շրջանաւարտ է Կրթասիրաց վարժարանէն։ Ան հանգանականութեան կոչ ուղղելէ առաջ, տուաւ հակիրճ պատմականը Կրթասիրաց վարժարանի հիմնադրութեան, որու նշանաբանը եղած է «Մանուկ մը կրթելը, ազգ մը կրթել է»։

Այսպէս՝ 1924-ի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը ծնունդ առած էր Կրթասիրաց վարժարանը իր մանկապարտէզի, ծաղկոցի եւ նախակրթարանի չորս կարգերով։ Ան ունէր երկու բաժիններ՝ մին մանչերու եւ միւսը աղջիկներու։ Այդ նորակազմ կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան մղիչ ուժը հանդիսացած էին, չորս տեսիլք ունեցող այնթապցիներ՝ յանձինս  Աւետիս Գրաճեանի, Եղիազար Պենլեանի, Նազարէթ Ֆըստըգճեանի եւ Աբրահամ Սերայտարեանի։

Հոս պէտք է յիշել, որ այդ չորս հիմնադիրներէն Աբրահամ Սերայտարեան վարած է Կրթասիրաց վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ առաջին երեք տարիներու ընթացքին, իսկ իրաւագէտ-փաստաբան Նազարէթ Ֆըստըգճեան 20 տարի ծառայած է այդ հաստատութեան՝  որուն արտօնատէրն էր, տարի մը իբրեւ ուսուցիչ եւ ապա ատենապետ հոգաբարձութեան ու խնամակալութեան։

 

1974-ին Կրթասիրաց երկսեռ վարժարանը օժտուեցաւ իր սեփական նոր շէնքով՝ Հալէպի հայահոծ շրջանին մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին։ Իսկ 2003-ին Կրթասիրաց վարժարանը դարձաւ միջնակարգ եւ ապա 2006-ին երկրորդական վարժարան՝ իր 400-է աւելի երկսեռ աշակերտներով։

Հուսկ ապա օրուայ պատգամաբերը շեշտեց, թէ ջանք պէտք չէ խնայուի՝ որպէսզի կրթական այդ օճախը գոյատեւէ եւ շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը «երազային Հալէպի» մէջ, որ այժմ եղած է դաշունահար՝ քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով։ Ան նշեց, թէ պէտք է ութ տարիներ ետք արժանավայել կերպով տօնախմբուի՝ անոր հիմնադրութեան 100-ամեակը։

Ուրախ եմ յայտարարելու, որ այդ օր հանգանակուած նուիրատուութեանց գումարը հասաւ 15,000 տոլարի։ Վարձքը կատար զոյգ միութեանց նուիրեալ բոլոր վարչականներուն։

Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Գիրազեանի փակման աղօթքէն ետք՝ հանդիսութիւնը գտաւ իր աւարտը, Այնթապի հերոսամարտի քայլերգով, կատարողութեամբ Յարութիւն Կարապետեանի։

Իցի՜ւ թէ այս նախաձեռնութիւնը ըլլար համատարած, ազգային-գաղութային մեր կեանքին մէջ…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին