Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ճափոնահայ Երգչուհի Ստեֆանի Թօփալեանի Նուէրը Կիւմրիին

8 Յուլիսին ճափոնահայ երգչուհի, երգահան եւ դերասանուհի Ստեֆանի Թօփալեան, ճափոնի մէջ կազմակերպած էր «Ներդաշնակութեան երեկոն» խորագիրով համերգային ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւն  ունեցած է: Երեկոյի հասոյթը` 9185 եւրօ, երգչուհին պիտի նուիրէ Կիւմրիի թիւ 4 երաժշտական դպրոցին:

«Ես շատոնց ծրագրած էի այս երեկոն եւ ուրախ եմ, որ վերջապէս երազանքս իրականութիւն դարձաւ: Շնորհակալութիւն բոլորին, որ աջակցած եւ իրենց լուման  ներդրած են այս ծրագիրի իրականացման: Այս երեկոյի յուշերը ես պիտի փայփայեմ իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին», «Հայերն Այսօր»-ի փոխանցմամբ` երեկոյի աւարտին իր տպաւորութիւններով կիսուած է Ստեֆանի Թօփալեան:

Աւելցնենք, որ 2015-ի Մայիսին` որպէս «Genealogy» խումբի անդամ, Ստեֆանի Թօփալեան աշխարհի ցամաքամասերէն եկած խումբի հայ երգիչ եւ երգչուհիներուն հետ, ներկայացուց Հայաստանը Եւրոտեսիլ 2015 երգի մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին