Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

«Հայաստան Հպարտ է Բարեկամ Ֆրանսայի Հետ Իր Առանձնաշնորհեալ Յարաբերութիւններով»․ Սերժ Սարգսեան

Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան հպարտ է բարեկամ Ֆրանսայի հետ իր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով:

Դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանտիէ նշած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է ամէնօրեայ աշխատանքով աւելի խորացնել հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը, որ դեսպանին համոզմամբ մշտական հոգածութիւն կը պահանջէ:

ՀՀ նախագահը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին:

«Համոզուած եմ, որ համատեղ ջանքերով կը շարունակենք ամրապնդել Հայաստանը եւ Ֆրանսան միաւորող կապերը՝ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով` ի շահ մեր ժողովուրդներուն:

«Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Ձեր անձնական հետեւողականութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը օրէնքի ուժով դատապարտելու հարցով:

«Մենք մեծապէս կարեւոր կը նկատենք Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրի, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ ներգրաւուածութիւնն ու ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ` ի նպաստ մեր տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան», ըսուած է ուղերձին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին