«Եունիքամ Ինժինիրինկ» (Unicum Engineering) ընկերութիւնը «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի «Ռաօ Մարս» ընկերութեան տարածքին մէջ, գործունէութիւն պիտի ծաւալէ ելեկտրոնաբանութեան եւ ճշգրիտ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ:
ՀՀ կառավարութիւնը ընկերութեան շահագործողի թոյլտուութիւն տրամադրած է իր նիստի ընթացքին, կը հաղսրդէ «Մետիամաքս»-ը։
«Եունիքոմ Ինժինիրինկ»-ը ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կը նախատեսէ կազմակերպել՝ ռազմական նշանակութեան գիշերային տեսանելիութեան եւ ջերմատեսիլ սարքերու արտադրութիւն:
ՀՀ տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի փոխանցմամբ` ծրագիրի առաջին տարուայ ընթացքին կը նախատեսուի արտադրել եւ արտահանել մինչեւ 1000 սարք: Յետագային անոնց թիւը պիտի հասնի 5500-ի: Արտահանման հիմնական ուղղութիւնը պիտի ըլլայ Ռուսիան:
«Կը նախատեսուի, որ ծրագիրի երկրորդ տարուան` 2017-ի արտահանման ծաւալները կազմեն մօտ $ 5 միլիոն, իսկ 5-րդ տարուան մէջ` շուրջ $ 12 միլիոն», ըսած է նախարարը:
Ծրագիրի ծիրէն ներս (5 տարի) իրականացուելիք ներդրումները պիտի կազմեն շուրջ $ 31 միլիոն, առաջին տարին պիտի ստեղծուի 10 նոր աշխատատեղ` 150 հազար դրամ միջին աշխատավարձով, իսկ հինգերորդ տարին` աւելի քան 350 հազար դրամ միջին աշխատավարձով: