Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ընդդիմութիւն. Անհատական Թշնամանք Թէ՞ Դրական Բաղձանք

*ՅՈՎԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*

Իմ համեստ եւ յստակ անձնական կարծիքով եւ համոզումով, որեւէ միութենական, կուսակցական կամ այլ ղեկավար դասի պատկանելիութիւնները կը բնորոշուին՝ նոյն այդ անձերու լրիւ անձնական համոզումներուն վրայ, առաւել այդ կազմակերպութեանց ծրագիր-կանոնագիրներու եւ (կամ) ընկերա-քաղաքական ու ազգային իրենց մօտեցումներուն եւ գործունէութեանց տեսանկիւններուն վրայ…։

Դժբախտաբար սակայն, երբ կը սերտենք իրավիճակները, յստակօրէն երեւան կու գան «ժողովրդային» մօտեցումները նոյն ինքն այդ կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն ղեկավար դասին նկատմամբ, լրիւ ժխտական կամ դրական, որոնք յաջորդաբար կ’որոշեն նոյն այդ ժողովրդային մասսային (զանգուածին) կեցուածքը՝ յիշեալ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ…։

Այս իրողութիւնը կրնայ մեզի հասցնել անհաճոյ վերջաբանի։ Եթէ ղեկավար անձինք «անհաճոյ» կը թուին ըլլալ շատ մը հետեւորդներու կարծիքով, դժբախտաբար իրավիճակը կը վերածուի «անհատական» պայքարներու, առանց նկատի առնելու նոյնինքն «բողոքողներու» պատկանելիութիւնները… որոնք երբեմն թիրախներ կրնան եղած ըլլալ…:

Այս առթիւ եզրակացութիւնը կրնայ դառնալ հետեւեալ կերպարին. «Եթէ ես դէմ եմ ղեկավար շարք մը անձերու, ուրեմն պէտք է ունենամ թշնամական կողմնորոշում նոյն ինքն այդ կազմակերպութեան դէմ… պայքարիլ ամէն վատ միջոցառումներով՝ մեկուսացնել զայն եւ քաջալերել վար առնելու, այսպէս կոչուած «անախորժ» եւ կամ «անընդունելի» ղեկավարութիւնը, պէտք եղած բոլոր հակամիջոցներով, նոյնիսկ եթէ թեր եւ դէմ կողմերը ունին նմանօրինակ պատկանելիութիւն…»։

Սիրելիներ,

Ընդունուած երեւոյթ է դժբախտաբար, որ նոյնինքն այսպէս կոչուած փրոֆեսիոնալ (արհեստավարժ) ընդդիմութիւնը՝ կու գայ հարցերուն մօտենալու քիչ մը «կեղտոտ» անհատական մօտեցումներով եւ ոչ նոյն ընդունուած փրոֆեսիոնալիզմ-ով։

Երեւոյթները պէտք է նշուին որպէս գործունէութեանց դէմ պայքար, բայց ո՛չ որպէս նոյնինքն ղեկավար տարրին ուղղուած թշնամական կեցուածք…։

Երբ կը պատկանինք որեւէ երկիրի քաղաքացիութեան եւ շատ անգամ լրիւ հակառակ ու նոյնիսկ ատելութեամբ լեցուն կողմնորոշումներով՝ կրնանք մատնանշել նոյն այդ երկիրի ղեկավարները… երբեմն ալ նոյն ինքն նախագահը…։

Չկա՞ն երկիրներ, ուր շատ մեծ թիւով քաղաքական ղեկավարներ, սրտանց ատելի են ժողովրդային մասսայի կողմէ…։

Ա՛յո կան, բայց կարելի չէ՞ նոյն այդ մասսան աշխատի՝ դուրս թափելու այդ ղեկավարութիւնը… իսկ իր իրաւունքներու սահմաններէն ներս կրնայ կանգնիլ որպէս ընդդիմութիւն… մատնանշել ղեկավարութեան սխալները… արտայայտել մօտեցումներ եւ սիրաշահիլ ժողովրդային մեծամասնութիւնը, հեռացնելու նոյն այդ ղեկավար տարրը եւ նշանակելու «ընդդիմադիր» աձնաւորութիւն մը…։

Հոս կու գանք մեր հայկական իրավիճակի թարգմանութեան։

Ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել մեր կուսակցական /միութենական շահերը, եթէ հարցերը ուղղուած են անձերու եւ ոչ անոնց գործունէութեանց…։

Ո՞ւր է սխալը:

Պէ՞տք է մօտենալ յեղափոխական մտայնութեամբ եւ ջնջել այդ ղեկավար խաւի ներկայութիւնը… թէ պէտք է առաջարկել, այսպէս ըսած ընդունելի ծրագիրներ, որոնք կարելի ըլլան նկատողութեան առնուիլ որպէս աւելի «բարեբեր» եւ մանաւանդ ընդունելի մեծամասնութեան կողմէ…։

Սակայն ցարդ տարուած «ընդյատակեայ» աշխատանքները, ըստ երեւոյթի երբեք այդ փրոֆեսիոնալ մօտեցումները չեն առաջարկեր, այլ պարզապէս «անհատական» փափաքներ կը յայտնեն, որոշ ղեկավարութիւններ հեռացնելու եւ փոխարինելու… առանց ո՛չ մէկ վերահաստատումի, թէ նոյն ինքն այդ «նորամուտ» անձինք պիտի կարենա՞ն ապահովել մտադրուած փոփոխութիւնները թէ ոչ, նոյն այսպէս-կոչուած «ժխտական» կեցուածքները պիտի մնա՞ն դարձեալ խանգարելու «բարեփոխուած» իրավիճակը, ստեղծելով նոր ընդդիմութիւն…։

Ուրեմն…։

Ե՞րբ կրնան վերջ գտնել այս թեր-եւ-դէմ պառակտումները։

Սիրելիներ,

Պէտք է ներկայ ղեկավարութիւնը հրաւէր ուղղէ «տրամաբանական» ընդդիմադիր մարմինի մը, նստելու սեղանի շուրջ, լսելու նորածին կողմնորոշումները եւ ի հարկէ տրամաբանական վերլուծումները, ապա քուէարկութեան որոշումով հասնի վերլուծման…։

  • Եթէ «ընդդիմադիր առաջարկները որոշ չափով ընդունելի նկատուին…։
  • Եթէ որոշ ներկայ ղեկավարներուն ուղղուած թեր-եւ–դէմ կարծիքները սեղանին դրուին ու առաջարկուի մեծամասնական որոշում…։

… Թող ըլլան փոփոխութիւնները որոշուած «փորձառական ժամանակամիջոցի» մէջ եւ հասնին արդիւնքի, նոյն այդ որոշուած ժամանակի աւարտին…։

Չկոչենք մենք զմեզ քաղաքական/կուսակցական/միութենական հաւատարիմներ երբ՝

ա- …Ամէն ջանք պիտի թափենք բարձրօրէն հաղորդելու մեր ժխտական կեցուածքները ներկայ իրավիճակներուն դէմ-յանդիման…։

բ- …Պիտի խանգարենք միութենական մեր խմբաւորումները եւ աշխատանքային ծրագիրները…։

գ- …Լսելի պիտի դարձնենք մեր լրիւ ժխտական իրավիճակները՝ համայն հայութեան…։

դ- …Ու վերջապէս ո՛չ ոք պիտի հասնի պէտք եղած դրական վերջաբանին…։

*****

Որոշենք սիրելիներ, դառնալ քիչ մը իսկական փրոֆեսիոնալ-ներ։

  • Կա՛յ ներկայ կուսակցական/միութենական ուղեգիծ՝ իր ղեկավար խմբաւորման սահմաններէն ներս…։
  • Կա՛յ նաեւ ընդդիմութիւն, որ կ’ուզէ առաջարկել «բարեփոխումներ», գործունէութեանց եւ կամ ղեկավար տարրերուն ուղղուած…։

Թող գան կողմերը սիրով նստելու դէմ յանդիման… փոխանակելու թեր-եւ-դէմ կարծիքներ…։

Հասնելու միացեալ որոշումի՝ պէտք եղած մարդկային միջոցառումներով…։

…Եւ այն ատեն թող ըլլան նոյն ինքն վերոնշեալ թեր-եւ-դէմ յայտարարութիւնները՝ առ ի կողմնորոշում ժողովրդային մեծամասնութեան եւ ո՛չ որեւէ ընդդիմադիր փոքր խմբաւորումներու…։

  • Գիտենք իրադրութիւնները…։
  • Ներկայացուցինք մեր նոր միտքերը…։
  • Սիրաշահինք հաւատարիմ մեծամասնութիւնը եւ…
  • Բարեփոխենք ներկայ իրավիճակը։

Հոս է, որ կը հասնինք երկրորդ հանգրուանին, ուր նախկին ընդդիմութիւնը «պաշտօնապէս» լսելի դարձնելէ ետք իր կողմնորոշումները, պիտի գայ վերահաստատելու զանոնք իրականութեան եւ տրամաբանութեան սահմաններէն ներս՝ հասնելու տուեալ թիրախին։

*****

Սիրելի «ընդդիմութիւն»…

Խնդրեմ, թոյլ չտանք յետ այսու, որեւէ կուսակցութեան/միութեան/կազմակերպութեան ազնիւ սահմաններէն ներս բարձրացնել մեր ձայնը՝ լոկ անձերու ուղղուած… լրիւ դուրս գալով նոյն ինքն այդ կուսակցական/միութենական ազնիւ սահմաններէն…։

*ՄԵՆՔ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆՔ ԱՅԼ ՀԱՒԱՏՔԻ

Թող լսելի չդառնայ մեր ձայները համայն աշխարհին՝ առ ի ատելութիւն այս կամ այն ղեկավարի…։

Թող նստինք նոյն այդ ղեկավարներուն հետ դէմ յանդիման եւ բացայայտենք սխալները, բայց նոյնպէս լուծելի առաջարկները…։

Եթէ չկան «փոխարժէք» առաջարկներ, ուրեմն լրիւ «ընդդիմութիւն» անուանումը շինծու կը թուի ըլլալ… եւ այսպիսով կու գանք մենք զմեզ քաղաքական անձնասպանութիւն կատարելու եւ վատացնելու մեր անուանումը լրիւ հայկական/միջազգային օճախներէն ներս, հակառակ իրաւունքներու կողմնորոշումներուն…։

Ընդդիմութիւնը, սիրելիներ, թող մնայ մեր ընտանիքէն ներս միայն, բայց թող ըլլայ ՇՕՇԱՓԵԼԻ (feasible…), բայց ոչ քաղաքական աժան հայհոյանքներով «օժտուած» եւ արտայայտուած «բարձրախօս»-ներով…։

Անձեր կրնան սխալիլ, բայց ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի ոեւէ անձ, նոյն այդ կուսակցութեան կամ միութեան արժէքները «վերատեսութեան» ենթարկելու, պարզապէս ղեկավարներու այս կամ այդ «անընդունելի» (ոչ անպայման «սխալ»…) որոշումներուն ի դէմ…։

Որեւէ քաջ եւ համեստ ընդդիմութիւն պէտք է իր գոյութիւնը փաստէ՝ դէմ առ դէմ ներկայ ղեկավարութեան, բայց ոչ միայն գործածելով եւ «օգտագործելով» հանրային անտեղի ու աժան միջոցառումները…։

*****

Սրտագին յաջողութիւն մեր բոլորի երթին…։

Սրտագին մաղթանքներս թեր եւ դէմ բոլոր կարծիքներուն, պարզապէս բոլորիս առաջնորդելու դէպի լաւագոյն ընդունուած թիրախին…։

Միշտ բարի ապագայ բոլորին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին