Յուլիս 13-ին «Հայաստան. ստեղծենք միասին» երիտասարդական առաջին հաւաքի «Ճարտարագիտութիւն եւ նոր արուեստաբանութիւններ» աշխատանքային խումբի անդամները այցելեցին՝ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտութեան աշխատանոցներ (ANEL) եւ Մայքրոսոֆթ նորարարական կեդրոն (MIC):
Հայաստանի ազգային ճարտարագիտութեան աշխատանոցներ երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները շրջեցան գծագրական ծրագրաւորման, նիւթերու դիմադրութեան, ելեկտրոնական, ուժային ելեկտրոնական, ելեկտրական մեքենաներու, ուժանիւթի, ելեկտրատեխնիկայի, չափումներու, ռոպոթաշինութեան, մայքրոկարգաւորիչներու, կապի համակարգիչներու, հեռահաղորդակցման, մեքենագիտութեան, կառավարման համակարգերու գիտահետազօտական աշխատանոցներու մէջ, ծանօթացան կազմակերպութեան յաջողութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Մայքրոսոֆթ նորարական կեդրոնին մէջ երիտասարդներուն ողջունեց տնօրէն Արտաշէս Վարդանեան: Ան հանգամանօրէն ծանօթացուց կեդրոնի աշխատանքներուն, մթնոլորտին, հեռակնարներուն: Արտաշէս Վարդանեան նշեց, որ IT ոլորտը Հայաստանի մէջ ամենաարագ զարգացող ոլորտն է, եւ իրենց կեդրոնը ապագային միտում ունի շատ նորարական ծրագիրներու եւ մեկնարկային նախաձեռնութիւններու»: Հանդիպման աւարտին ան սիրով պատասխանեց երիտասարդներուն հետաքրքրող հարցերուն: Ծաւալեցաւ աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ քննարկում:
Տեսաշարով ներկայացուեցան Մայքրոսոֆթ նորարարական կեդրոնի (Incubator) ձեռնարկութիւններու հիմնումը եւ նոր նախագիծերը (Star-ups):
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ