*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյին Լիբանան այցն ալ ըստ երեւոյթին, ինչպէս Խորհրդարանի երկիրի նախագահի ընտրութեան նիստերը՝ ամուլ դուրս եկաւ:
Նախագահի ընտրութեան օրակարգի առաջնահերթութեամբ Լիբանան այցելած ֆրանսացի նախարարին, Լիբանանի մէջ բոլոր շարժումները եւ այցելութիւնները լաւագոյն պարագային՝ լիբանանեան ասացուածքով կարելի է որակել «հարաքէ պալա պարաքէ»:
Միւս կողմէ խորհրդարանին մէջ տակաւին ծամծմուող՝ երեսփոխանական ընտրութեան այսպէս կոչուած նոր օրէնքը, ըստ երեւոյթին պիտի յանգի «ոչ նոր օրէնքի» եւ հաւանաբար դարձեալ օր մը ընտրութեան պիտի երթանք 1960-ի մեծամասնական օրէնքով…: