Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

27 Երկիրներու Երեսփոխաններ Ապրիլեան Պատերազմին Վերաբերող Յայտարարութիւն Որդեգրած Են

Յունաստանի Սալոնիք քաղաքին մէջ 4-8 Յուլիսին կայացած՝ Ուղղափառ երեսփոխաններու 23-րդ միջխորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ յայտարարութիւն մը որդեգրուած է, որ կը վերաբերի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Ըստ News.am-ի, վեհաժողովին մասնակցած Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մկրտիչ Մինասեանն ու Արագած Ախոյեանը, այսպիսի յայտարարութեան որդեգրումը մեծ ձեռքբերում նկատած են: Յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունած են 27 երկիրներու երեսփոխաններ։

ՀՀԿ-ի անդամ Մ. Մինասեան ըսած է, որ Հայաստան արդէն 23 տարիներէ կը մասնակցի Ուղղափառ երեսփոխաններու վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ անոր հիմնադիրներէն կը նկատուի։ «Վեհաժողովի որոշումները ՄԱԿ կ’ուղարկուին», -աւելցուցած է ան։

Պատգամաւորներուն համաձայն՝ իրենք վեհաժողովի մասնակիցներէն խնդրած ու պահանջած են, որ այդ դէպքերուն տրուին յստակ ու հասցէագրուած գնահատականներ: «Մենք բաւական երկար աշխատեցանք յայտարարութեան վրայ: Ես մեծ վերաբերմունք զգացի յոյներու կողմէ, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունին», -դիտել տուած է Մինասեան։

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս գրուած է. «Մենք կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կողմէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին մէջ իրավիճակի լարումը»: Հոն կը նշուի նաեւ, որ նախայարձակ կողմը եղած է Ազրպէյճանը, որ ծանր սպառազինութիւն օգտագործած եւ քաղաքացիներով բնակուած շրջաններուն վրայ կրակ բացած է։ Յայտարարութեան տակ ստորագրած երեսփոխանները անհեռատես քայլ նկատած են՝ ղարաբաղեան խնդիրը ռազմական ճամբով լուծելու ազրպէյճանական փորձերը։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին