Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լրագրողներու Վերապատրաստման Դասընթացքի Մասնակիցները Այցելեցին «Հայերն Այսօր»-ի Խմբագրութիւն

«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի լրագրողներու  վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցները Յուլիս 13-ին այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրակազմի հետ: Լրագրողական անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը վարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ներկայ էին նաեւ նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Նայիրի Մուրատեան, «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի ղեկավար  Մհեր Յովհաննիսեան:

«Ուզում եմ ընդգծել, որ մեր խնդիրը ձեզ լրագրութիւն սովորեցնելը չէ, քանի որ բոլորդ էլ լրագրողական որոշակի կենսագրութեամբ ու պաշարով մարդիկ էք, մեր խնդիրը ռազմավարութիւն ներկայացնելն է: Մենք պէտք է ազգային լրագրութեան մասին խորհենք, մենք պարզապէս դատապարտուած ենք ազգայինն ամէն ինչից վեր դասելու: Այս շփումները կարեւոր են ազգային միասնական լրատուադաշտ ունենալու համար»,-ողջունելով մասնակիցները` ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը:

Խօսելով հայաստանեան մետիա դաշտի ներկայի մասին` Սերժ Սրապիոնեան առանձնացուց առկայ խնդիրներն ու բացերը, բայց նաեւ նշեց, որ ցանկութեան պարագային մենք կրնանք ունենալ կայացած լրատուադաշտ: «Ապրիլեան պատերազմի օրերին մեր լրատուամիջոցները ցոյց տուեցին կայուն, միասնական դէմք` աշխարհին հասանելի դարձնելով իրականութիւնը քառօրեայ իրադարձութիւնների մասին»,-ըսաւ բանախօսը:

Այնուհետեւ 6 երկիրներէ (ԱՄԷ, Չինաստան, Լիբանան, Ռուսաստան, Սուրիա, Ֆրանսա) ժամանած 11 մասնակից-լրագրողները ներկայացուցին այն լրատուամիջոցը, ուր կ’աշխատին, քննարկուեցան առկայ խնդիրները ու համագործայցութեան ձեւաչափեր մշակուեցան:

Լրագրողները խոստացան, որ կը շարունակեն համագործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, մասնաւորապէս` «Հայերն Այսօր»-ի հետ, եւ պարբերաբար թղթակցութիւններ կ’ուղարկեն պարբերականին համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին