Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած Նոյեան Տապանի մանրակերտ քանդակի հեղինակը՝ հանրայայտ ամերիկահայ արուեստագէտ Մայքըլ Արամն է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնարկը, որուն տնօրէններու խորհուրդին անդամ է Մայքըլ Արամ:
Նոյեան Տապանի մանրակերտը Հռոմի Պապին նուիրուած է հայ ժողովուրդի անունով, անոր Հայաստան այցելութեան ժամանակ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ խաղաղութեան աղօթքին եւ էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին: Մանրակերտ քանդակը պիտի տեղադրուի Վատիկանի մէջ:
«Ինծի համար մեծ պատիւ էր Ֆրանչիսկոս Պապի համար ստեղծել Նոյեան Տապանի քանդակը», կը յայտնէ Մայքըլ Արամ: «Զայն ստեղծելու ժամանակ կը պատկերացնէի փախստական երախաները, որոնք իրենց երկիրներէն բերած հող ու ջուրով պիտի մօտենան Պապին ու Նոյեան Տապանին. կը մտածէի, որ քանդակը կրնայ ինչ-որ առումով անոնց փրկութեան, նոր երկիրի մէջ նոր կեանք ստեղծելու խորհրդանիշը ըլլալ»: