Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Radisson Blu Հիւրանոցը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ռետիսըն պլու հոթել Երեւան»-ի բացման արարողութիւնը: Հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միուն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ հպարտ է, որ վերջապէս «Ռետիսըն պլու»-ն մուտք գործեց նաեւ Երեւան:

«Մենք կը ցանկանք մեր առանձնայատուկ ծառայութիւնները բերել Հայաստան: Կը կարծեմ, որ ամենագլխաւորը հիւրանոցի տեղն է, որ կը գտնուի շատ հանգիստ տարածքի մէջ, եւ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրնաք հասնիլ քաղաքի իւրաքանչիւր վայր», ըսած է ան եւ նշած, որ Ռետիսըն պլուն Քարլսըն Ռեզիտոր հիւրանոցային խումբի մասը կը կազմէ, որ բարձրակարգ հիւրանոցային ցանց է:

«Ասիկա հիանալի նախապայման կը ստեղծէ, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստան բերելու նոր ճանապարհորդներ, որոնք կու գան թէ՛ գործի, թէ՛ ուղղակի հանգստանալու համար», ըսած է ան եւ նշած, որ «Կոլտըն փալես» ընկերութեան հետ կառավարման պայմանագիր ստորագրած են: Ան աւելցուցած է, որ հիանալի յարաբերութիւններ ունին հիւրանոցի սեփականատէրերուն եւ հիմնադիրներուն հետ:

Վաճառքներու եւ առեւտուրի տնօրէն Մարիամ Ստամպոլցեան նշած է, որ հիւրանոցին մէջ  ընդհանուր սենեակներուն թիւը 142 է, 19-ը բարձրակարգ համարներ են, որոնց մէջ արքայական եւ նախագահական, ուր կայ «թագաւոր համար նախատեսուած անկողին»: Ան ըսած է, որ հիւրանոցը ունի 6 հանդիպման սրահներ, ամենամեծ սրահին մէջ կը տեղաւորուին երկու հարիւր հոգիներ, կայ սփայ սրահ` եօթ բուժման կէտերով, քսանհինգ մեթրնոց լողաւազան եւ ճաշարաններ:

«Կրնամ ըսել, որ քաղաքի լաւագոյն ճաշարաններէն մէկն է «Ատ աստրա»-ն, որ  հիւրանոցի  նոր կառուցուած մասնաշէնքին մէջ է. ad astra կը նշանակէ դէպի աստղերը: Կարելի է ըսել, որ այս մէկը քաղաքի միակ պիզնըս հիւրանոցներէն է, որ ունի շլացուցիչ այգի», ըսած է ան եւ նշած, որ  հիւրանոցի սենեակներուն գիները մրցակցային են եւ մօտաւորապէս կը սկսին միջինը 80 000 ՀՀ դրամէն` ըստ օգտագործուելիք ժամանակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին