«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս, Յուլիս 11-15 Երեւանի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ կը կազմակերպուին՝ հայ անուանի բեմադրիչներ Էտմոնտ Քէօսայեանի, Տմիթրի Կէսայեանցի եւ Ալպերթ Եաւուրեանի ֆիլմերու բացօթեայ անվճար ցուցադրութիւններ: Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի «Ֆէյսպուք»ի էջէն կը տեղեկանանք, որ արդէն ցուցադրուած է բեմադրիչ Ֆրունզէ Տովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը (օփերաթոր` Ալպերթ Եաւուրեան):
Յուլիս 12-ին պիտի ցուցադրուի Տմիթրի Կէսայեանցի «Աւտոյի աւտոն» (ժամը` 21:00-ին) եւ Էտմոնտ Քէօսայեանի «Լեգենդ ծաղրածուի մասին» (ժամը` 21:35-ին) ֆիլմերը, Յուլիս 13-ին` Է. Քէօսայեանի «Լքուած հեքիաթներու կիրճը» (21:00-ին), Յուլիսի 14-ին` Տ. Կէսայեանցի «Զինուորն ու փիղը» (ժամը 21:00-ին), Յուլիս 15-ին` Տ. Կէսայեանցի «Մեր պապերու քայելրգը» (ժամը` 20:00-ին) եւ Է. Քէօսայեանի «Տղամարդիկ» (ժամը` 21:20-ին) ֆիլմերը: