Շուշիի մէջ Սեպտեմբեր 1-ին պիտի կայանայ՝ «Սասունցի Դաւիթ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը, այնուհետեւ Սեպտեմբեր 7-ին կամ 8-ին` Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: «Սասունցի Դաւիթ» օփերայով պիտի բացուի Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի 83–րդ թատերաշրջանը։ Ըստ Panorama.am-ի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, այս մասին ըսած է թատրոնի տնօրէն Անդրանիկ Արզումանեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ օփերան պիտի ըլլայ թատրոնի խաղացանկային ներկայացումը: Ա. Արզումանեանի խօսքով նոր օփերա է, երբեք չէ ներկայացուած օփերային թատրոնի մէջ: Անոր հեղինակն է երաժշտահան Հարօ Ստեփանեան (1897-1966 ):
Թատրոնի տնօրէնը ըսած է, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի պիտի ունենան նաեւ «Տոսկա» օփերայի եւ «Դիմակահանդէս» պալէի անդրանիկ ներկայացումները:
Խօսելով 82-րդ թատերաշրջանի մասին Ա. Արզումանեան ըսած է, որ 2015-2016 ծրագիրներուն 80-90 տոկոսը իրականացած է, կայացած են «Քարմեն» եւ «Նորմա» օփերաներուն անդրանիկ ներկայացումները:
«Գեղարուեստական ղեկավար Գեղամ Գրիգորեանի հետ մեծ ծրագիրներ մշակած էինք: Որոշ մասը իրականացուցինք: Այն ծրագիրները, որոնք նախատեսած էինք, բայց չհասցուցինք կատարել, մեր պարտքը կը համարենք անպայման իրականացնել», նշած է ան: