Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Մոսկուայի Մէջ Գործող «ՎԻՎԱ» Կազմակերպութեան Աջակցութեամբ Ստեփանակերտի Մէջ Արեան Փոխներարկման Կայան Պիտի Ստեղծուի

Մեր առջեւ խնդիր դրած են` աջակցելու Ստեփանակերտի մէջ արեան փոխներարկման մեծ կայանի ստեղծման: Այդ մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է՝ «ՎԻՎԱ» բարեգործական կազմակերպութեան համահիմնադիր Թաթիանա Յովհաննիսեան աւելցնելով, որ արդէն ընթացքի մէջ են համապատասխան ֆինանսական բարեգործական փոխանցումներու գործընթացն ու բանակցութիւնները զայն մատակարարներու, որոնք կրնան նուազագոյն գիներով եւ հնարաւորինս արագօրէն Արցախ հասցնել անհրաժեշտ սարքաւորումներ:

Անդրադառնալով Արցախի առողջապահութեան ոլորտին մէջ արդէն իրագործուած եւ նախատեսուող բարեգործական ծրագիրներուն, Թ. Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ կազմակերպութիւնը կ՛աջակցի Արցախի հիւանդանոցներուն եւ բժիշկներուն:

«Ներկայ դրութեամբ կրցած ենք մօտ 60 հազար տոլարի չափով աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի առողջապահական համակարգին: Բացի այդ մեր խումբին մէջ ընդգրկուած շատ բժիշկներ, Արցախի համապատասխան բուժային հաստատութիւններու բժիշկներուն փոխանցած են բուժային սարքաւորումներ: Յետագային մենք կը ցանկանք օգնութիւն ցուցաբերել մասնագէտներու պատրաստման եւ վերապատրաստման հարցերով: Կը նախատեսենք մեր մօտ ընդունիլ բժիշկներ եւ անոնց վերապատրաստել տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Մեր յետագայ գործառոյթը կը տեսնեմ նաեւ վերականգնողական ծրագիրներու աջակցման մէջ, որոնք մեր վիրաւոր զինուորներուն, որոնք վերականգնողական միջոցներու կ՛ենթարկուին, հնարաւորութիւն կու տան տարին 2-3 անգամներ մեկնիլ այնպիսի հաստատութիւններ, ուր կրնան վերականգնողական բարձրակարգ բուժում ստանալ: Յաջորդ մեր կարեւոր ծրագիրը աջակցիլն է այն հիւանդ երախաներուն, որոնք համապատասխան ֆինանսական միջոցներու կամ սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով, հնարաւորութիւն չունին բարձրակարգ բուժում ստանալու տեղւոյն վրայ: Ապագային մենք ի հարկէ կը ցանկանք այստեղ առողջապահութեան համակարգը տեսնել այնքան զարգացած, որ կարենանք մեր երախաներու բուժումը իրականացնել Արցախի մէջ: Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ համապատասխան սարքաւորումներով կրցած  ենք կահաւորել վերակենդանացման յատուկ բաժիններ, որոնց մէջ միաժամանակ կրնան գտնուիլ մի քանի հիւանդներ: Այդ բաժինները հնարաւորութիւն ունին շատ արագ վերափոխուելու վիրահատարաններու: Բացի այդ գնած եւ տրամադրած ենք գերձայնային սոնոկրաֆ սարք, որ կարելի է տեղափոխել հեռաւոր գիւղական բնակավայրեր եւ տեղւոյն վրայ հետազօտութիւններ իրականացնել: Մենք կ՛աջակցինք նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայքի, ինչպէս նաեւ այն դեղամիջոցներու ձեռքբերման գործին մէջ, որոնք դժուար հասանելի են եւ կը բացակային Հայաստան մէջ», մանրամասնութեամբ փոխանցած է «ՎԻՎԱ» բարեգործական կազմակերպութեան համահիմնադիր Թ. Յովհաննիսեան:

Անոր խօսքով կազմակերպութիւնը ներկայիս բաղկացած է հարիւրաւոր գործունեայ անդամներէ, որոնք շարունակական կերպով, ֆինանսապէս ու նիւթապէս աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախին առնչուող առողջապահական ծրագիրներու իրականացման:

«Գլխաւոր նպատակը այն է, որ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն ունենան աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայրենիքին: Թող այդ ըլլայ աննշան, փոքր, բայց ան իւրաքանչիւրին հնարաւորութիւն կու տայ զգալու իր հայ ըլլալը եւ ամուր պահելու ազգային ինքնագիտակցութիւնը: Այս անգամ մենք Արցախի մէջ ենք հասկանալու համար, թէ ինչ բանի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի եւ յետագային ինչով կրնանք աջակցիլ», նշած է Թ. Յովհաննիսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին