Ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը իսկապէս կ՛ընթանայ, նախագահ Վլատիմիր Փութին բաւարարուած է Ս․ Փեթերզպուրկի հանդիպումով, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորդէ «Անի» հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը:
«Կը գնահատենք ձեր վերաբերմունքը ԼՂ կարգաւորման հարցով ռուսաստանեան նախաձեռնութիւններուն հանդէպ: Գործընթացը իսկապէս կ՛ընթանայ եւ նախագահ Փութին բաւարարուած է Ս․ Փեթերզպուրկի հանդիպումով։ Անոր կարգադրութեամբ ես կ՛այցելեմ երկու մայրաքաղաքներ: Կ՛ակնկալեմ, որ այսօրուայ հանդիպումը թոյլ կու տայ մեզի աւելի յստակացնել յետագայ քայլերը», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ ըսած է Լաւրով:
Իլհամ Ալիեւ իր հերթին բարձր գնահատած է Ռուսիոյ ջանքերը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: «Այժմ Ղարաբաղեան հարցի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ կը նկատուի ամենաբարձր շարժ», ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը կը մէջբերէ Ալիեւի խօսքերը: Անոր խօսքով այս այցը ցոյց կու տայ Ռուսիոյ շահագրգռուածութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման: «Մենք նոյնպէս շահագրգռուած ենք հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորմամբ», աւելցուցած է Ալիեւ:
Միւս կողմէ ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Ճոն Քերրին Յուլիս 14–15 պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր պիտի քննարկէ իրադրութիւնը Սուրիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ուքրանիոյ մէջ, յայտարարած է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Ճոն Քըրպին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է տեղեկութիւնը. «Կ՛ակնկալենք, որ ԱՄՆ ԱԳ նախարար Ճոն Քերրիի այցը Ռուսիա` չորրորդը 2015 թուականի Մայիսէն ի վեր, պիտի նպաստէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւման, որոնցմէ մեծապէս կախուած է համաշխարային կայունութեան պահպանումն ու միջազգային խնդիրներու լայն շրջանակի լուծումը», ըսուած է այնտեղ: