Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Թուրքիան Յայտ Ներկայացուցած Է Լաւաշը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին ՄԷջ Ներառելու Համար

Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Իրանը, Խրխզիստանը եւ Ղազախիստանը միասին յայտ  ներկայացուցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ` լաւաշը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար:

«Բարակ հացի պատրաստութեան մշակոյթը» անունը կրող յայտին վերաբերեալ որոշումը պարզ կը դառնայ՝ Եթովպիոյ մէջ Նոյեմբեր 28-էն Դեկտեմբեր 2 կայանալիք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան՝ 11-րդ միջակառավարական կոմիտէի ժողովի ժամանակ:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պաշտօնեաները նշած են, որ լաւաշը սերտօրէն կապուած է տեղական աւանդոյթներուն հետ եւ կ’օգտագործուի մշակութային ծէսերու մէջ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2013-ին «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» անուանումով յայտ  ներկայացուցած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Վերջինը Հայաստանի յայտը ներառած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին