Գիւմրիի «Հոկտեմբեր» շարժանկար-թատերասրահին մէջ, Յուլիս 7-ին մեկնարկեց «Մենք ենք, մեր ֆիլմերը» փառատօնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«The Name Production»-ի կողմէ արդէն երկրորդ տարին իրականացող փառատօնը, նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնելու վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած ֆիլմերը:
Բոլոր ցուցադրութիւններուն մուտքը ազատ է: Փառատօնի մեկնարկը ազդարարուեցաւ Լուսինէ Սարգսեանի «Շքամուտք» ֆիլմով:
Փառատօնը պիտի տեւէ 4 օրեր: «Հոկտեմբեր» շարժանկար-թատերասրահին զուգահեռ, փառատօնի ծիրէն ներս դիտումներ ու քննարկումներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Nancy սրճարանին մէջ: Փառատօնի կազմակերիչներէն Նռանէ Գրիգորեանի տեղեկութիւններով՝ ֆիլմերը հայկական արտադրութիւն ունին եւ նկարահանուած են վերջին 3-4 տարիներու ընթացքին: Ի տարբերութիւն շատ փառատօններու, այս մէկը նպատակ ունի աշխուժացնելու մշակութային կեանքը մարզերու մէջ, այդ պատճառով ալ ան Երեւանի մէջ չէ կայացած. անցեալ տարի փառատօնը կայացած էր Ստեփանաւանի մէջ: