*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
Օրեր շարունակ մտահորիզոնիս մէջ կը գծագրուէր անոր բարձրավեհ պատկերը, որուն վեհաշէմին կանգնած՝ Մելգոնեան եղբայրները, բարձրագոչ յորդորներով կը հրաւիրէին հայ ազգի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն վերադառնալու սրբալոյս տաճարի ոսկեճառագայթ սփռող, օրհնաբեր հողին վրայ դարձեալ վերապրելու ուսումնական կեանքի հոգեհարազատ օրերը ու վերյառնելու յիշողութիւններու տարափը:
Ամիսներ առաջ ներկայ գտնուեցայ Պէյրութի Մելգոնեան Սանուց Միութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպում-զրոյցին ՄԿՀ-ի արժանաւոր զաւակներէն, տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանին հետ: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին խօսքեր ու յուշեր Մելգոնեանի հարուստ ու սրտմօտիկ պատմութենէն,նամանաւանդ Տիկ. Անժէլ Միսիսեանի կողմէ արտասանուածը, ուր ան վեր յառնեց անզուգական յուշերը իր գիշերօթիկ կեանքին, զանոնք գունաւորելով ծիածանի հրապոյր ու ոգեշնչող հոգեպատկերներով: Իսկ Յունիս 1-ին ներկայ գտնուեցայ դարձեալ Սանուց Միութեան կողմէ պատրաստուած բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «ՏաճարԼուսոյ» Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութեան, որ նուիրուած է ՄԿՀ-ի 90 ամեակին: Անբացատրելի էին Մելգոնեանցի պատանու իմ ներքին խմորումները, որոնք պարարտուած էին ուսանողութեանս տարիներու ընթացքին, անզուգական ուսուցիչներուս կողմէ ցանած գիտութեան եւ բարոյական դաստիարակութեան պարարտ սերմերով, որոնց հասուն բերքը զայն կը բաշխեմ իմ կատարած կրթադաստիարակչական ասպարէզիս ընդմէջէն:
2004-ին չարաբաստիկ, հակակրթական ու ողբալի որոշումով Մելգոնեանի դռները կը փակուին ու զայն լքման ենթարկելով մինչ նոր տնօրինում….ժամանակն անյայտ…սեպ մը խրելով սփիւռքահայ արդէն նօսրացող, սակայն ժամանակին եռուն ու բեղուն եղած կեանքին:
Ամեակներ կանցնին…Մելգոնեանը կը թեւակոխէ իր 90 ամեակը..Վերջին 12 տարիները յուշերով ողողուած… Անբացատրելի եռուզեռ կը տեղար դիմատետրի էջերու վրայ կազմակերպելու եւ անմահացնելու համար Մելգոնեանը իր 90 ամեայ տարերդարձով, Յուլիս 14-22-ին, իր իսկ հողին վրայ, ուր դարձեալ պիտի խայտան անոր վեհապանծ շէնքերը շրջանաւարտներով՝ հին ու նոր սերունդի ներկայացուցիչներով: Անոնք պիտի ժամանեն աշխարհի տարբեր անկիւններէն, դարձեալ վերապրելու եւ ոգեկոչելու անցեալը, արժեւորելու համար անոր ունեցած կրթական հարստութիւնը եւ ինչու չէ նաեւ….հրաշք որոշումով մը զայն վերաբացման կեանքի կոչեն:
Այս խորհրդածութիւններու ընդմէջէն յանկարծ կը նշմարեմ խորագիր մը «Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն» (թիւ 1) : Ականաւոր Մելգոնեանցի եւ դաստիարակ ուսուցիչ՝ Վարդգէս Գուրուեանի յուշերը, որոնք սկսան լոյս տեսնել Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի Հինգշաբթի 23.6.2016-ի համարին մէջ, որմէ ետք յաջորդաբար (թիւ 2) երեքշաբթի 28.6.2016 եւ (թիւ 3) երեքշաբթի 5.7.2016 թուակիր համարներուն մէջ: Դարձեալ վերապրումի անզուգական պահեր ապրեցայ ու տակաւին կ’ապրիմ վերյիշելով իմ անցուցած ուսանողական տարիները:
Յափշտակումով կը կարդամ զանոնք եւ անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ յուաշագրութիւններուն:
Օրեր կը բաժնեն այն պատմական պահուն, ուր Մելգոնեանը պիտի բանայ ի ճռճռացող, սակայն ժամանակի յուշերուն հետ ընթացող պանծալի դռները…Պիտի գայ այն պահը, երբ Մելգոնեան եղբայրները վերակառոյց աշտարակէն դարձեալ հուսկ բանքով ներկայ սաներուն պիտի յորդորեն չմոռնալ, որ իրենք զաւակներն են ստեղծագործ եւ շինարար ժողովուրդի մը եւ ժառանգորդները՝ այդ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւններուն: Ստեղծագործ նոյն արիւնն է, որ կ’եռայ իրենց հայու երակներուն մէջ: Անոնք պարտաւորութիւնը ունին իրենց մասնակցութիւնը բերելու հոգեւոր այս հարստութիւնը պահպանելու աշխատանքին: Պարտաւորութիւնը ունին ստեղծագործելու, յօրինելու, շինելու եւ կերտելու: Սփիւռքի տարածքին վրայ, ուր որ ալ գտնուին, կեանքի նոր պայմանները իրենց ուր որ տանին, հաւատարիմ պէտք է մնան իրենց ազգութեան: Բանաստեղծութեան Իշխան ՝ Վահան Թէքէեանի գովերգած հայու հոգին միշտ վառ պէտք է մնայ որպէս անշէջ լոյս եւ ջերմութիւն: Պէտք չէ մոռնալ, որ ունին հզօր ու բարգաւաճ հայրենիք մը, որ նոր ոսկեդար մը կը կերտէ աննախընթաց յառաջդիմութիւններով՝ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Մեր Մայր Հայրենիքին ներշնչումը պէտք է վերածուի հպարտութեան:
Բարի երթ 90 ամեայ «Լուսոյ Տաճար» Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան: Երազային օր մը կը սպասենք այն պահուն, երբ իսկապէս ան իր լայն դռները կը բանայ ուսումնատենչ մեր հայորդիներուն համար, ու սփիւռքը կը փրկուի…