Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Մէկ Ամիսով Դադրեցուած է Հայաստանի Կազամատակարարումը

Վրաստանի կազափոխադրութեան ընկերութիւնը պաշտօնապէս տեղեկացուցած է «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան` 2016 թուականի 10 Յուլիսէն մինչեւ 10 Օգոստոս Հայաստան բնական կազի մատակարարումը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին:

«Կազփրոմ Արմէնիա»-էն կը յայտնեն, որ կազամատակարարման դադրեցման նպատակը Վրաստանի տարածքին «Ղազախ-Սագուրամօ» մայրուղային կազատարի վնասուած հատուածներուն մէջ վերականգնողական,  գծային փականներու փոխարինման, ինչպէս նաեւ սողանքի շրջանին մէջ  կազատարի նոր կառուցուած հատուածի ներմիացման   աշխատանքներ կատարելն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան սպառողներու անխափան կազամատակարարումը կիրականացուի Աբովեանի ստորգետնեայ կազապահեստարան կայանի հաշուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին