Իրանի կառավարութիւնը 10 Յուլիսին հաւանութիւն տուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագիրներու չեղարկման մասին համաձայնագրին: Նիստը գլխաւորած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին, կը յայտնէ panarmenian.net-ը:
Նախարարներու կազմը մուտքի արտօնագիրներու կարգը չեղարկելու որոշում կայացուցած է ՀՀ դիւանագիտական եւ սովորական անձնագիրներ ունեցողներուն համար:
16 Յունիսին Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը եւ ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը համաձայնագիր կնքած են երկու երկիրներու միջեւ մուտքի արտօնագիրներու չեղարկման վերաբերեալ, որ ստացած է ՀՀ կառավարութեան հաւանութիւնը:
Համաձայնագիրը ուղղուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման, փոխշահաւէտ տնտեսական, առեւտրային եւ այլ կապերու խորացման ու երկու երկիրներու քաղաքացիներու փոխայցելութիւններու կարգաւորման: Ըստ փաստաթուղթին, ՀՀ եւ Իրանի քաղաքացիները կրնան առանց մուտքի արտօնագրի փոխադարձաբար գտնուիլ հարեւան երկիր 90-180 օր: