Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Սերժ Սարգսեան Ֆրանսուա Օլանտի Հետ Քննարկած է ԼՂ Հիմնահարցը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վարշաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

ՀՀ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն մէջ Ֆրանսուա Օլանտի հետեւողական աջակցութեան եւ կարեւոր դերակատարման համար, ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ իրապէս կը հպարտանան Ֆրանսայի հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալու իրողութեամբ:

Նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութիւնը տարիներու ընթացքին նկատելիօրէն ընդլայնուած է։  ԵՄ երկիրներու շարքին Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալով առաջատար դիրք զբաղեցնող երկիրներէն մէկը:

Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծի ընդունման համար, որուն մէջ մեծ է նախագահ Օլանտի անձնական ներդրումը:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: ՀՀ նախագահը կարեւոր համարած է Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներէն մէկուն, աշխոյժ դերակատարութիւնը բանակցային ճանապարհով հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործին եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահ Օլանտին նաեւ անձնական ջանքերու հետեւողական ներդրումին համար:

Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Օլանտ երկուստէք կարեւորած են Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ ընդունուած յայտարարութիւններու ամրագրուած դրոյթներուն անվերապահ կատարումը: Նախագահները մտքեր փոխանակած են ԼՂ հիմնախնդրի լուծման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու հեռանկարին շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին