Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է արաբական հեղինակաւոր «Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանին: Հարցազրոյցը վարած է «Ալ Մայատին» կայանի Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ, արաբական աշխարհի մէջ յայտնի հեռատեսիլային լրագրող Ղասան Պըն Ժըտտոն:
Հրացազրոյցին մէջ ՀՀ Նախագահը անդրադարձած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, արդի մարտահրաւէրներուն, տարբեր ընդելուզման (ինթեկրասիոն) գործընթացներու մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան, տարածաշրջանի պետութիւններու, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նախապատմութեան, կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ միջնորդական ջանքերուն, Սուրիոյ ճգնաժամի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշման, փախստականներու խնդիրին եւ շարք մը այլ հարցերու:
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «Ալ Մայատին» կայանին հեռարձակման օրերն ու ժամերն են՝
Երկուշաբթի՝ 11 Յուլիս 2016, երեկոյեան ժամը 9:00
Երեքշաբթի՝ 12 Յուլիս 2016, կ.ե. ժամը 2:00
Չորեքշաբթի՝ 13 Յուլիս 2016, կ.ե. ժամը 4:00 եւ երեկոյեան ժամը 8:00