Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Ժամանակն է»․ Քնեսեթի Անդամ

Իսրայէլը հետեւողականօրէն եւ կանոնաւորաբար կը հրաժարէր գործ ունենալէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-չճանչնալու հարցին հետ: Այս մասին «The Jerusalem Post»-ին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ գրած է Քնեսեթի պատգամաւոր Նահման Շայ:

Անոր խօսքով հետաքրքրական է այն փաստը, որ նոյնիսկ վերջին տարիներու ընթացքին` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք, Իսրայէլ այդպէս ալ չճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը: «Այժմ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ջերմացում կը նկատուի, Քնեսեթի վրայ ճնշումը կրկին կ՛աճի, եւ ճանաչման աւելի քիչ հնարաւորութիւններ կան», News.am-ի հաղորդմամբ գրած է հեղինակը:

Միաժամանակ Քնեսեթի անդամը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտեցման կոչ ըրած է: Անոր կարծիքով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը վերջ պիտի դնէ անորոշութեան. «Բոլորը կը համաձայնին, որ Ցեղասպանութիւն եղած է, իսկ Հայաստանն ու Թուրքիան իրարու ձեռք պէտք է սեղմեն եւ յարաբերութիւնները սկսին մաքուր էջէ»:

Յօդուածին հեղինակը յիշեցուցած է Իսրայէլի եւ Հայաստանի կապերու մասին, որոնք բազմաթիւ տարիներ կ՛երկարին: «100 տարի առաջ Սառա Աարոնսոնը նկարագրած է, թէ ինչպէս սեփական աչքերով տեսած է հայերու դէմ թուրքերու գազանութիւնները: Վերադառնալով Իսրայէլ ան եղբօր հետ կը ստեղծէ Նիլի` հրէական լրտեսական ցանց, որ բրիտանացիներուն կ՛օգնէր Օսմանեան կայսրութեան դէմ պայքարին մէջ: Իր յուշերուն մէջ Աարոնսոնը գրած է, որ անհանգստացած է Թուրքիոյ հրէական համայնքին համար, որ ի վերջոյ կրնայ հայերու ճակատագիրը ունենալ: Ատիկա ընդյատակեայ կազմակերպութիւն ձեւաւորելու անոնց ջանքերու շարժիչ ուժն էր», գրած է Շայը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայաստան այցելած Քնեսեթի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է:

Պատգամաւորը ընդգծած է, որ Իսրայէլ ամբողջ ուժով կը փորձէ խուսափիլ Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելէ: Իսրայէլի պաշտօնեաներուն հրահանգած են օգտագործել բառեր, որոնք կ’արտայայտեն այդ իրադարձութիւններու սարսափը եւ ցաւակցիլ հայ ժողովուրդին` չօգտագործելով Ցեղասպանութիւն բառը:

«Հայաստան Քնեսեթի պատուիրակութիւն ուղարկելու որոշումը կարեւոր քայլ էր ճիշդ ուղղութեամբ: Փորձելով հասկնալ, թէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ի՞նչն է աւելի կարեւոր, շահերը թէ՞ արժէքները, յոյս ունենանք, որ Իսրայէլ կ’ընտրէ վերջինը: Հոլոքոսթէն 70 տարիներ անց եկած է ժամանակը, որպէսզի Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եկած է հաշտութեան ժամանակը», ամփոփած է հեղինակը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին