Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Ծանօթացան ՀՀ Բարձրագոյն Կրթական Հաստատութիւններու Ծրագիրներուն

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն համար՝ Յուլիս 7-ի ուսումնական ծրագիրէն ետք՝ կազմակերպուած էր ՀՀ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու ծրագիրներու շնորհահանդէս: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

ԵՊՀ գրադարանին մէջ  ներկայացուեցան ԵՊՀ-ի, Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական, Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական, «Եւրասիա» միջազգային, Երեւանի Հիւսիսային, ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ (ՀՎՀ) համալսարաններու, ֆրանս-գերմանական ճարտարագիտական ուսումնարանի պաքալորիայի եւ մագիստրականի ծրագիրները, ընդունելութեան կարգը, պայմանները, կրթական ծառայութիւնները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գործարկուող «Արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէն եւ հակառակը» փոխարկիչ ծրագիրը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար Էտուարտ Մանուկեան:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս ամէն տարի կազմակերպուող նման ձեռնարկները կը նպաստեն, որ աւարտող մասնակիցներէն շատերը շարունակեն ուսումը հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնցմէ շատերը, դառնալով հայագէտ-մասնագէտներ, կը վերադառնան եւ հայապահպան գործունէութիւն կը ծաւալեն իրենց բնակած երկիրներուն մէջ` ներգրաւուելով հայ համայնքներու, հայկական կազմակերպութիւններու (ներառեալ` երիտասարդական), կրթամշակութային հաստատութիւններու մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, նախաձեռնելով Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստանալու գործը:

Յիշեցնենք, որ նոյն օրը «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագրին «Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացին մասնակիցները այցելած էին «Դէպի Հայք» հիմնադրամ, ուր հանդիպած էին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապագեանի եւ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին