Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Պատասխանատուներ Խաթարած Են Նաեւ Մեր Ազգին Մտածելակերպը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջերս գտնուեցայ Գահիրէ: Դէպի Բուրգերը մեր ճամբուն վրայ, թաքսիին վարորդը պատմեց, թէ ինք ատենին ունեցած է իր սեփական գործը, սակայն սնանկանալով ստիպուած է վարորդ աշխատիլ:

Գահիրէի նշանաւոր խճողումին մէջ սպասելու ձանձրոյթէն ազատելու համար, հետաքրքրութիւն ցոյց տուի՝ լսելու իր պատմութիւնը:

Վարորդը հետեւեալը պատմեց. «Ատենին թէյի առեւտուր սկսայ: Գործերը լաւ չէին ընթանար, հետեւաբար ծախսերս դժուար կրնայի հանել: Ստիպուեցայ տախտակի փոշի խառնել թէյի չոր տերեւներուն մէջ եւ զանոնք զետեղելով գեղեցիկ «ամպալաժի» մէջ՝ ծախել: Շուտով վիճակս բարելաւուեցաւ ու հարստացայ: Ծախած կեղծուած թէյին անունը մեծ հռչակ առաւ: Վաճառանիշը Ապու Ուսուլ դրած էի… սակայն գիտցիր ի՛նչ պատահեցաւ վերջը», -ընդհատեց վարորդը:

Ի՞նչ պատահեցաւ հարցումիս ան շարունակեց ըսելով. «Անբախտ ըլլալուս այս վիճակը երկար չտեւեց: Տախտակի փոշին ալ սղեցաւ: Հետեւաբար այնքան ալ շահաբեր չէր տախտակի սղած փոշին թէյի չոր տերեւներուն խառնելով կշիռքը աւելցնել…»:

Կրկին՝ «գիտցիր ի՛նչ պատահեցաւ», -ըսաւ վարորդը: Ի՞նչ պատահեցաւ, հարցումիս ան պատասխանեց ըսելով. «Տունս քանդուեցաւ ու սնանկացայ… յաճախորդներս թէյին համը փոխուած ըլլալուն համար սկսան ըսել, որ կեղծած եմ թէյը, թէ անոր միջուկին թուականը անցած է, եւայլն…: Տեսա՞ր ի՜նչ տխմար է մեր ժողովուրդը», -եզրափակեց  մեր «խելացի» վարորդը:

Երկա՜ր լուռ մնացի լսելով իր այս անբարոյականութիւնը, սակայն չկարենալով դիմանալ, պոռթկացի երեսին, ըսելով, որ ժողովուրդը տխմար չէ: Ինքն է անբարոյականը, որ խաթարած է ժողովուրդին ճաշակը: Անոնց վարժեցուցած է գէշին ու կեղծին, մինչեւ որ անոնք մոռնան լաւն ու իրաւը:

Սիրելի ընթերցող: Հիմա, որ նստած եմ գրասեղանիս վրայ քեզի այս տողերը գրելու՝ կը մտածեմ, թէ քանի-քանի այսպէս կոչուած արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ, պատասխանատուներ եւ ինչու չէ նաեւ մեր ազգին կարգ մը ղեկավարներ, նոյնանման վարուելակերպով խաթարած են ինչպէս՝ քաղաքացիներուն, նաեւ մեր ազգին ճաշակն ու մտածելակերպը, ինչու չէ նաեւ անոր՝ ապրելակերպը…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին