Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հանդիպում ՀԵԸ Անդրանիկ Փողերախումբի Անդամներու Ծնողներուն Հետ

Չորեքշաբթի, 6 Յուլիս  2016, երեկոյեան  ժամը 8-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբի  վարչութեան նախաձեռնութեամբ , ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ  հանդիպում մը  տեղի ունեցաւ  ՀԵԸ-Անդրանիկ փողերախումբի  անդամներու ծնողներուն  հետ:

Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի  վարչութեան,  Ծովակ Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն,աւելցնելով, թէ  հաւաքը կը միտի  սերտացնել ծնողք-փողերախումբի վարչութիւն  յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ  իրազեկ դառնալ  փողերախումբի վարչութեան յառաջիկայ  ծրագիրներուն:  Ծովակ Թաշճեան յայտնեց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբը արդէն իսկ ձեռք բերած է կատարողականութեան որոշակի մակարդակ, ապացոյց՝ համազգային եւ տեղական հանդիսութիւններուն մասնակցութիւնը:  Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-իԿեդրոնական Վարչութեան եւ  փողերախումբի վարչութեան կողմէ ցուցաբերուած  հոգատարութեան եւ նուիրումին:

Ապա, ան հրաւիրեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեանը,  փոխանցելու սրտի խօսքը:  Վիգէն  Չերչեան գնահատեց  ՀԵԸ  Անդրանիկ  փողերախումբի   հետեւողական աշխատանքը, աւելցնելով, որ անոր մասնակցութիւնը  եւ բարձր կատարողականութիւնը սկսած է որակ տալ  ազգային եւ տեղական հանդիսութիւններուն,  ինչպէ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան ատենապետ տօքթ. Սահակ Թաշճեանին, խմբավար Կարօ Կէօքէոզեանին եւ  փողերախումբի  բոլոր անդամներուն:

DVD-ի վրայ ցուցադրուեցաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի առօրեան ներկայացնող, ինչպէս նաեւ դէպի  Հայաստան (2015) այցելութենէն  դրուագներ:

ՀԵԸ Անդրանիկ   փողերախումբի  վարչութեան անդամ Արա  Տիշչեքենեան, մեծ պաստառի վրայ  ներկայացուց փողերախումբի անդամներուն յառաջդիմութեան աղիւսակը:  Ան նշեց, թէ  փողերախումբի  անդամները,  արհեստավարժ ուսուցիչներու  հսկողութեան  տակ կը կատարեն փորձերը եւ  բոլոր տուեալները  ունին բարելաւելու իրենց կարողութիւնները:

ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի  խմբավար Կարօ Կէօքէոզեան նշեց, թէ փողերախումբը  մեծ  չափանիշներով  համերգի մը  պատրաստութիւններուն մէջ կը գտնուի ներկայիս:  Ան  փողերախումբի անդամներէն խնդրեց  աւելի բծախնդիր  հետեւիլ փորձերուն, որովհետեւ    շնորհիւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  կարգադրութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբը համանուագի տարողութեամբ համերգ մը պիտի ունենայ  «Գազինօ Տիւ Լիպան»ի մէջ:

Վարչութեան անդամ Սօսի Ալոզեան  դիտել տուաւ, որ ճշդապահութիւնը, փորձերուն ներկայութիւնը մեծապէս պիտի  նպաստեն  փողերախումբի աշխատանքներուն:

Մեծ պաստառի վրայ  ցուցադրուեցաւ Անթունիյէի մէջ, «Հայկական Օր»ուան հանդիսութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբի  շռնթալից մասնակցութեան տեսաերիզը: Այս առիթով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  վկայեց, թէ  «Հայկական Օր»ուան  ընթացքին,ներկաները հիացմունք յայտնած են  ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբի   բարձրորակ կատարումներուն:

Հանդիսութեան նաեւ  խօսք առաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի վարչութեան ատենապետ տօքթ.  Սահակ Թաշճեան: Ան  ներկաներուն յայտնեց, թէ   փողերախումբը ունեցած է  սեփական սենեակը, դիմագիրքի ( Facebook)  վրայ՝ սեփական էջը:  Գնահատելով   ծնողք- վարչութիւն  սերտ գործակցութիւնը, ան, յաւելեալ  զոհողութիւն պահանջեց ծնողներէն եւ փողերախումբի անդամներէն, յաջողութեամբ պսակելու «Գազինօ Տիւ Լիպան»ի մէջ նախատեսուած   համերգը, որուն համար  փողերախումբի  վարչութիւնը  կը  փափաքի  շաբաթական չորս  անգամի  բարձրացնել  փորձերուն թիւը:  Տօքթ. Թաշճեան նշեց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին յաջողութեան  գրաւականներէն մէկը այն է, թէ բազմաձայն  է, իբրեւ նուագախումբ: Անոր անդամները նախքան նուագի գործիքներուն  ծանօթանալը,  երաժշտութիւն կը սորվին  արհեստավարժ  ուսուցիչներու  հսկողութեան տակ:

Հանդիպման աւարտին, խօսքը տրուեցաւ ծնողներուն, որոնք նախանձախնդիր եւ շինիչ առաջարկներ ներկայացուցին աշխատանքներու յաջողութեան համար:  Վարչութիւնը խոստացաւ քննարկել եւ ամենաշուտ միջոցին կեանքի կոչել  զանոնք:

Ապա, տօթք. Սահակ  Թաշճեան,  փողերախումբի  վարչութեան անունով  շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի անդամներ՝  Ալինա Քայֆեճեանը, Սեւանա  Չիլինկիրեանը (պաքալորէա), Աբօ Մըսըրլեանը, Գէյթ  Կարապետեանը, Բալիկ  Տաւիտեանը (Պրէովէ) պետական քննութիւններուն արձանագրած յաջողութեան առիթով:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ  կոկիկ  ընդունելութիւն, որուն ընթացքին փողերախումբի վարչութիւնը կարկանդակով մը պատուեց  պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած անդամ-անդամուհիները:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

IMG_3386

IMG_3444

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին