Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Կը Մեկնարկուի «Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Առաջին Երիտասարդական Հաւաքը

Յուլիս 11-ին, ժամը 11.30-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, Կառավարական տուն 3, 9-րդ յարկ):

Հաւաքի մասնակիցներուն կ’ողջունեն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Ժաքլին Կարաասլանեան,  «Այբ» դպրոցի տնօրէն, «ABBYY» ընկերութեան փոխնախագահ Արամ Փախչանեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներու հետ համագործակցութեամբ` Յուլիս 11-14 Երեւանի եւ Դիլիճանի մէջ տեղի ունենալիք «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքի նպատակն է համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ գիտնականները, աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններու մէջ սորվող հայ ուսանողները` Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ քննարկելու եւ մշակելու գործակցութեան նոր մօտեցումներ, առաջարկելու համագործակցութեան ծրագիրներ` ի նպաստ Հայաստանի զարգացման:

Աշխատանքները կ’իրականացուին «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն»,«Տեղեկատուական արուեստագիտութիւններ», «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ մամուլ» աշխատանքային խումբերու մէջ:

Պիտի կազմակերպուին թեմատիկ քննարկումներ, հանդիպումներ ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ, մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ՝ համապատասխան մասնագիտական հաստատութիւններ:

Հաւաքին պիտի մասնակցի 70 երիտասարդ՝  Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Չեխիայէն, Լաթվիայէ, Շուէտէն, Ռուսիայէն, Մոլտովայէն, Սինկափու­րէն, ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին