ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի այս տարուան Ամառնային Ճամբարին մաս կը կազմեն աւելի քան 165 երեխաներ: Ճամբարը սկսաւ Յուլիս 4-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 26, 2016 եւ պիտի եզրափակուի ամավերջի հանդէսով:
19 տարիներ առաջ հիմնուած ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի Ամառնային Ճամբարը ոչ միայն առաջին հայկական Ճամբարն է Լիբանանի տարածքին, այլեւ՝ կը յատկանշուի բոլորէն, իւրաքանչիւր տարի որդեգրած իր իւրայատուկ դաստիարակչական թեմայով եւ նորանոր անակնկալներով եւ շաբաթական իւրայատուկ պտոյտներով:
Այս տարուան թեման է «Գովք Լիբանանի»՝ նուիրուած մեր երկրին, անոր հարուստ մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն, քաղաքներուն, արուեստին եւ հռչակաւոր անհատներուն: Այս պատճառով ամառնային Ճամբարի խումբերը կը կրեն Շուշու, Պէյրութ, Սապահ, Փօլ Կիրակոսեան, Ժըպրան, Մաքսիմ Շայա եւ Էլի Սաապ անունները: Կը հաւատանք, որ պահպանելու եւ նպաստելու զոյգ հայկական եւ Լիբանանեան աւանդութիւններուն գոյատեւման՝ մեր երեխաները պէտք է լաւապէս գիտնան իրենց մշակոյթը:
Այս տարուան նորութիւններն են Artistic Gymnastics, «Healthy Mind in Healthy Body» եւ «App-Development»՝ յատուկ դաստիրակաչական ծրագիրը: Աշակերտներուն առիթը կ’ընծայուի մարզուելու մասնագէտ Football-ի, Basketball-ի, Թէյքուանտօի եւ ճատրակի մարզիչներու կողքին: Անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան յայտնաբերել իրենց պարի ձիրքերը մասնակցելով Dance Academy-ին, որ կ’ընդգրկէ Zumba, International Dance եւ անշուշտ մեր աւանդական Հայկական Պարը: Տղաքն ու աղջիկները կը սիրեն խոհանոցը, կաւագործութիւնը ու ձեռային աշխատանքի պահերը՝ հակառակ անոր, որ նախընտրութիւնը կը տարբերի տարիքէ տարիք:
19 տարիներէ ի վեր ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի Ամառնային Ճամբարը հաճելի եւ անկրկնելի տրամադրութիւններ կը ցանէ բոլոր մանուկներուն հոգիներէն ներս: