Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Փորթուգալի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում` Երեւանի Մէջ

Անցեալ  շաբաթ Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Փորթուգալի պատուոյ հիւպատոսութեան: Փորթուգալի կառավարութիւնը, Մոսկուայի մէջ Փորթուգալի դեսպան Մարիօ Կոտինիօ Տէ Մաթոսի միջոցով, Հայաստանի մէջ պատուոյ հիւպատոս նշանակեց Սամուէլ Սամուէլեանը:

Լիբանանահայ Սամուէլ Սամուէլեան, որ Երեւան հաստատուած է 2001 թուականէն ի վեր, 15 տարուան լայն փորձառութիւն եւ կապեր ունի Հայաստանի գործարարական եւ կառավարական շրջանակներուն հետ:

Հիւպատոսութեան դերը պիտի ըլլայ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրին եւ զբօսաշրջութեան, օժանդակութիւն եւ օգնութիւն տրամադրել Հայաստանի մէջ Փորթուգալի քաղաքացիներուն:

Սամուէլ Սամուէլեան աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը: Ան զաւակն է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչ՝ Յարութիւն Սամուէլեանին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին