Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ՝ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:
Այցելութիւնը առիթ մըն էր միասնաբար արծարծելու սփիւռքն ու հայրենիքը իրար աւելի եւս կամրջելու միջոցներու վերաբերող նիւթեր:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը Պրն. Դեսպանին փոխանցեց ՌԱԿ-ի յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը, ինչպէս միշտ՝ ապագային եւս իր աշխարհասփիւռ շրջանակներուն միջոցաւ զօրավիգ կանգնելու Հայրենիքին եւ Արցախին:
Պրն. Դեսպանը շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր Վարչութիւնը, անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն՝ իր ազգանուէր առաքելութեան մէջ:
ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ