Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Շրջանը Տակաւին Երկա՜ր Փակուղիէ Մը Պիտի Շարունակէ Անցնիլ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ֆիթրի տօնը եկաւ մինչ երկիրն ու ամբողջ շրջանը կը գտնուի ապահովական լուրջ սպառնալիքներու տակ: Տօնի նախօրէին լիբանանեան Քաա աւանի մէջ պատահած անձնասպանական գործողութիւնները, Իսթանպուլի օդակայանի ահաբեկչութիւնը, Պաղտատի եւ Սէուտական Արաբիոյ պայթումները ցոյց կու տան, թէ շրջանը տակաւին երկա՜ր փակուղիէ մը պիտի շարունակէ անցնիլ, որմէ ելքի նշոյլն իսկ չկայ:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին եւ շրջանի անկայունութեան, երկրի այսպէս կոչուած պատասխանատուները, փոխանակ ինքզինքնին հեռու պահելու շրջանի խնդիրներէն ու անոր խաղացողներուն գործիքը ըլլալու իրավիճակէն, տակաւին կը յապաղին երկրին գլուխը հանդիսացող նախագահ ընտրելու…:

Հակառակ այս ուղղութեամբ վերջին օրերուն գոյութիւն ունեցող դրական շարժումներուն, ես կը հաւատամ, թէ տակաւին գոյութիւն ունի պահուած թնճուկ մը, որ յօդս կրնայ ցնդեցնել ամէն տեսակի առաջխաղացք՝ այս ուղղութեամբ անոր իրագործումը յետաձգելով նուազագոյնը մէկ կամ երկու տարի, մինչեւ յստականայ նոր Սուրիոյ ուրուագիծը…:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին