Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը՝ Ովասիս 2016-ը

5 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրի բացումը, ներկայութեամբ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 17 տարիներուն, այս տարի եւս «Ովասիս»ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց այն, որ «Ովասիս»ի խմբակները կոչուած են հայկական հին ու նոր բնակավայրերու անունով, որպէս ցուցանիշ ազգային պատկանելիութեան եւ պահանջատիրութեան: Պարոն Գալուստ թելադրեց մասնակիցներուն մշտապէս օգտագործել այդ անուանումները ծրագրին ընթացքին, ամրապնդելու համար հաւատքը՝ ազգային անկատար երազներուն նկատմամբ:

Ծանօթ է, որ «Ովասիս»ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 18-րդ տարին ըլլալով կ’ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»ին մասնակցած է մօտ 3400 հոգի: Այս տարի եւս մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու՝ «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որպէս խորհրդանիշ հայ ազգի յաւերժութեան:

«Ովասիս 2016»-ը պիտի տեւէ մինչեւ 26 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ’աւարտի  կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուայ ծրագրին մէջ ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, երգ, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խոհանոց, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

IMG_5704_r

IMG_5710_r

IMG_5723_r

IMG_5758_r

IMG_5792_r

IMG_5827_r

IMG_5813_r

IMG_5858_r

IMG_5727_r

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին