Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Փրոթոքոլ

*ԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Սա փրոթոքոլ ըսուածը վերին մակարդակի եւ բարձրագոյն աստիճանի ստախօսութիւն է, որ կը պատկանի նախագահներու, վարչապետներու խաւին, վերջապէս պետական մակարդակի անձնաւորութիւններու, որոնք կը ձեռնուին հրապարակաւ, ի հարկ է բռնազբօսիկ կամ արուեստական ժպիտով, ի բաց առեալ կարգ մը «փոքըրֆէյս»երու, որոնց առաջնութիւնը կ’երթայ ՌԴ-ի Փութինին…

(Ի միջի այլոց, առիթով մը ձեռնուեցայ երկրաչափի մը հետ… ձախ ձեռքով, ան զարմանալով ըսաւ.- «ինչո՞ւ ձախով», -ըսի՝ «իմ սիրտս ձախ կողմն է»… ,ապա՝ քիչ մըն ալ զինք գրգռելու համար՝ աւելցուցի.- «Ես ձախակողմեան եմ, իսկ ինչո՞ւ աջով..»,- մնացի անպատասխան. ուստի, ըսի.- «Քանի որ աջն է մեր ամէնէն գործնական ձեռքը… անո՛վ սուր կը բռնենք… ուրեմն երբ աջով կը ձեռնուինք, այսինքն ըսել կ’ուզենք.. ՍՈՒՐԸ ԻՐ ՊԱՏԵԱՆՆ Է…ձեռքս՝ ԱԶԱՏ Է ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ…):

Գալով, խնդրին ո՛չ միայն «վերին» մակարդակի պաշտօնով ծանրաբերնուածներուն, այլ՝ առանց փրոթոքոլ բառը գործածելու, ընդհանուր երեւոյթ է մարդկային փոխ-յարաբերութեան մէջ, որուն սակայն «քաղաքավարութիւն» անունը կու տան, ինչ որ սուտին ա՛յլ մէկ հոմանիշը դարձած է եւ սուտը ընկերութեան թթուածինն է դարձեր, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս կը խօսակցին իրարմէ լսել ուզելով ո՛չ թէ իրականութիւնը, ինչ որ վիրաւորական կրնայ ըլլալ, այլ այն՝ ինչ որ կը կարծեն թէ դիմացինը լսել կ’ուզէ…:

Պարզ քննութիւն մը, կը փաստէ այս իրականութիւնը:

Գէթ ինծի հետ շա՜տ պատահած է. գուցէ անոնց ազդեցութի՞ւնն է սոյն գրութիւնը… երբ անձ մը զիս Սարգիս Արմէն կը կոչէ իսկ իր բանաստեղծներու թուած շարքէն՝ կը զլանայ…

Ըսի.- կը ներես, իրաւունք չունիս զիս Սարգիս Արմէն կոչելու…. (ինծի ի՞նչ փոյթ…«ինչ որ եմ, Տիրոջմէ եմ»… ես ստեղծուած մըն եմ .այսքան):

Մարդիկ կարծես իրականութենէ կը խրտչին… ի միջի այլոց իմ դպրոցական (Յով-Ման) վիճակացոյցիս մէջ գրուած է «կոշտ եւ կռուազան»: Համաձայն եմ…(Երանի՜ ազգովին ըլլայինք կռուազան) մանաւանդ՝ երբ  կը նախընտրեմ չոր ճշմարտութիւնը խոնաւ սուտէն: Այս՝ մէկ օրինակ. Կարելի է բազմապատկել ի հարկ է. բայց ոչինչ.տեղը չէ: Ի միջի այլոց, ինծի տրուած մակդիրէն ամէնէն աւելի սիրած եմ «ԸՄԲՈՍՏ»-ը: Կ’ուզէին որ Հայկազեան Համալսարանի մէջ կայացած Ե. ՉԱՐԵՆՑԻ նուիրուած երեկոյի՞ն ալ լռեմ. Լռողները շա՜տ էին ամենայն դէպս, թիւը չեմ գիտեր, բայց… ներկանե՛րը ամէնը: Թէկուզ անոնք, երկու դոկտոր Փրոֆեսորներ (նկատի չունիմ բեմի լիբանանցիները) խօսեցան Չարենցի եղերական մահուան մասին, պարզապէս իրենց մաղձը թափելու համայնավար վարչակարգին դէմ, երբ նո՛յն այդ վարչակարգին պատճառաւ տիտղոսաւորուած էին… իբրեւ Դոկտոր Փրոֆեսոր… փոխանակ խօսելու Չարենց բանաստեղծական նորարարութեան, խորութեան եւ այլ բազմաթիւ յատկանիշներուն:

Հաւանաբար ա՛յդ էր իրենց եւ այլ ներկաներուն «փրոթոքոլ»ը: Իսկ իմ շահս, տեսած ու ապրած ճշմարտութիւնները յայտնելու մէջ է, զիս չեն խանդավառեր կեղծ շոյանքները: Ոչ ալ կրնամ լռել անճշդութիւններու հանդէպ: Ինչ որ եմ ան եմ. Եթէ լռեմ երբ պէտք է խօսիմ, ինքզինքս կը դաւեմ: Այդ մէկը անընդունելի է:

Իսկ… եթէ հարկը ստիպէ, (ինչ որ երբեմն կը պատահի, վերջապէս ամենակարող անձ չկայ) «Ոհ, ա՛յդ է սոսկ ցաւն ինձ համար»:

Այդ պարագային… ըմբոստութիւնս իմ մէջս պիտի ըմբոստանայ, խոցելով, բայց նաեւ՝ չընկրկելով:

Սպասելով ա՛յլ առիթի:

                  Քառեակներ

Ողորմիր, Տէր, այն ատեն, երբ Տէր Ողորմեաս երկարեմ.
Ողորմած ու գթած ես դուն, այս մէկը ես լա՛ւ գիտեմ.
Այլապէս այս երկրի վրայ ո՛չ թրքութիւն կը մնար
Եւ ոչ հայ մ’որ իր գլխուն պատահարները մոռնար:

Գետի՛ն զարկաւ գահն Աստուծոյ մարդը վայրի
Ու պահ մը ետք ամայացաւ, լացաւ աղի.
Թէ ներհայի՝ պիտի տեսնէ ներքին երկինք
Տիեզերք մը սքանչելի, անմեկնելի…:

Փշրուած են մի միայն շղթաները երկաթեայ
Եւ մենք ազատ կը շրջինք գերութեան մէջ մոգական,
Երեկոյեան կը լարենք զարթուցիչը անիծեալ
Առաւօտուն ծախելու մեր աչքն ու ուժն ալ հարկաւ:

Գիշեր բարի իմ Երազներ…
Կը հանդիպինք վաղը դարձեալ
Ինչպէ՞ս ապրիլ առանց ձեզի
Այս իրական կեանքն անիծեալ:
Ես տուն շինեցի գիշերով.
Արթնցայ եւ ոչինչ գտայ:
Փակեցի աչքերս յոգնատանջ.
Տիեզերք, ո՞ւր էր պահուըտած:

Ս. Արմէն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին