ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Յուլիս 4-ի ժամը 04.00-ի դրութեամբ՝ ՀՀ տարածքին ճանապարհները անցանելի են:
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքէն կը տեղեկացնեն, որ քարաթափման հետեւանքով ժամանակաւորապէս փակուած է Վերին Լարսի անցակէտը: Նախնական տուեալներով անցակէտը մինչեւ Յուլիս 10-ը դեռ փակ պիտի ըլլայ:
Փակ անցակէտին մէջ կուտակուած ինքնաշարժները հնարաւորութեան պարագային կրնան ճամբան շարունակել լաստանաւերով` Փոթիի եւ Պաթումի նաւահանգիստներէն:
Թերէք գետի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով առկայ է ջրածածկման վտանգ: