Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Ո՛չ Նաֆթի Ո՛չ Ալ Կազի Հոտ Կայ Այլ Միայն Փտածութեան Գարշելի Հոտը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի կազի եւ նաֆթի արտահանումի ծրագիրն ալ մտած է ընդհանուր փտածութեան շրջագիծէն ներս, որ ոչ մէկ տարբերութիւն կրնայ ունենալ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան վիճակէն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք դերակատարներուն անունները, որոնք այս եւ նման օրակարգերուն շուրջ քիչ մը ամէն տեղ նոյներն են…:

Նկատի ունիմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վերջին հանդիպումը այս հարցին շուրջ…:

Կազն ու նաֆթը շատոնց յայտնաբերուած են Միջերկրականի մէջ, որուն հորերը կը բաժնուին Իսրայէլը,Կիպրոսն ու Լիբանանը: Եւ մինչ միւս երկու երկիրները շատո՜նց սկսած են օգտուիլ անկէ, մենք տակաւին յանձնախումբեր կը կազմենք եւ կը լուծենք, հանդիպումներ կ՛ունենանք ու ժողով-ժողով կը խաղանք՝ երեւի մինչեւ ուրուագծուի, թէ երկիրին այսպէս կոչուած պատասխանատուները «կարկանդակը» ինչպէ՞ս պիտի բաժնեն իրար միջեւ…:

Մինչ այդ ո՛չ նաֆթի, ո՛չ ալ կազի հոտ կայ մէջտեղը, այլ կայ ու կը մնայ փտածութեան գարշելի հոտը ամէնուրեք…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին