Յունիս 3-ին տեղի ունեցաւ Արցախի Լիպերալ Տեմոքրաթական (Ռամկավար Ազատական) կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութեան հերթական նիստը:
Նիստին ուղղակի (օնլայն) կապով կը մասնակցէր նաեւ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ յարգարժան ընկեր Սերխիօ Նահապետեան: Քննարկուեցան կուսակցութեան հետագայ ծրագիրներն ու հեռանկարները: Հիմնականօրէն խօսուեցաւ Արցախի կառոյցի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կապի ու փոխհամագործակցութեան ձեւերու մշակման եւ իրականացման մասին:
Քննարկուեցան նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման համար նպատակային գործունէութիւն ծաւալելու եւ կարեւոր նկատելու այդ հարցի առաջնահերթութիւնը:
Խօսուեցաւ նաեւ Արցախի տնտեսական ու մշակութային զարգացման գործին մէջ Սփիւռքի՝ առանձնապէս մեր կուսակցական ընկերներու կարեւորութեան մասին: