Սուրիահայ Ալպերթ Թաշճեանի ընտանիքը կ’ապրի Արմաւիրի քաղաքին մէջ՝ կնոջ տունը: Մարզին մէջ ապրող միւս սուրիահայերուն համեմատութեամբ ան բնակարանի վարձ չի տար, ունի մշտական աշխատանք, սակայն Հայաստան մնալու կամ Սուրիա վերադառնալու հարցը դեռ անորոշ է իրեն համար: Ապրելու դժուարութիւնները կը յաղթահարէ, սակայն մտահոգուած է իր զաւակին ապագայով, կը գրէ armradio.am-ը:
Մարինէ Թաշճեանը 4.5 տարեկան է, հայրը սուրիահայ է, մայրը` Հայաստանէն: Արդէն 3.5 տարի կ’ապրին Արմաւիր քաղաքին մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող պատերազմական գործողութիւնները ստիպեցին անոր ընտանիքին լքելու բնակավայրն ու տեղափոխուելու Հայաստան: Հայրը` Ալպերթ Թաշճեանը դեռ 2008 թուականին ուզած էր մշտական բնակութիւն հաստատել Հայաստան, գործ հիմնել ու աշխատիլ:
Այդ ժամանակ եթէ աշխատանք գտնելու եւ մշտապէս Հայաստան ապրելու գործը չյաջողեցաւ, ապա անձնական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրը լուծուեցաւ: Ան ամուսնացած է ՀՀ քաղաքացուհիի հետ, ստացած է երկքաղաքացիութիւն, իսկ երկու տարի անց նորէն վերադարձած Սուրիա: Սակայն Սուրիոյ մէջ քաղաքական իրադարձութիւններու շրջուն փոփոխութեան, պատերազմական գործողութիւններու ծաւալման պատճառով ճակատագիրը զինքն նորէն բերաւ Հայաստան:
Ալպերթ Թաշճեանի ընտանիքը ապրած է Սուրիոյ Հալապ քաղաքի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ: Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն իրենք տեղափոխուած են Հայաստան: Միւս սուրիահայերուն համեմատութեամբ ունի մշտական աշխատանք: Տեղեկատուական արուեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտ է, կ’աշխատի մասնաւոր ընկերութեան մէջ, բացի այդ` կը զբաղի լուսանկարներու համակարգչային ձեւաւորումով: Հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կրնայ ապահովել իր ընտանիքին ապրուստը:
Հայաստանի մէջ ապրելու կամ նորէն Սուրիա վերադառնալու հարցը Ալպերթի ընտանիքին համար դեռ անորոշ է: