Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի նոր տարբերակին վրայ աշխատած են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Օրինագիծը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքին համար ընդունելի տարբերակով:
Այդ մասին «Արմենփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»-ին, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարկած է 29 Յունիսին:
«Այս տարուան 25 Յունուարին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրէնքի նախագիծը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` ﬔզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող նախագիծ մշակելու համար: Այսպիսով, Ֆրանսայի նախագահը տէր կանգնեցաւ իր խոստումին եւ կը սպասուի, որ 4 Յուլիսին այն կը ներկայացուի Ազգային ժողով: Օրէնքի նախագիծը հաւասար է հակացեղապաշտական եւ հակասեմական օրէնքներու նախագիծերուն ,- ըսաւ Փափազեան: Անոր խօսքով` օրինագիծին մէջ որպէս ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը: